Էն. Պի. Էյ. Սփըրզ Արձանագրեց Իր 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ հարաւարեւմտեան շրջանին մաս կազմող Սան Անթոնիօ Սփըրզ արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 101-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը:
Հակառակ անոր որ Սփըրզ 1999-էն 2007 չորս անգամ հանդիսացած է Էն. Պի. Էյ.ի ախոյեան, սակայն անիկա ցարդ չէր յաջողած նոր տարեշրջանի սկիզբը, արձանագրել չորս յաջորդական յաղթանակ:
Յաղթական կազմի պահեստի մարզիկ Կերի Նիլ նշանակեց 17 կէտ, իսկ անոր խմբակից Թիմ Տանքըն` 14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Նիւ Եորք Նիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 110-88
Մինեսոթա Վուլվզ – Պրուքլին 107-96
Մայեմի Հիթ – Ֆէոնիքս Սանզ 124-99
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 103-94
Տալաս Մավըրիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 114-91
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 101-79
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 94-92
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք
Օքլահոմա Սիթի – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ

