Հայաստան – Լաթվիա Մրցումին Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 14 նոյեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Լաթվիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը:

Երէկ` երեքշաբթի, 6 նոյեմբերին սկսան ծախուիլ այս մրցումին տոմսերը, հանրապետական մարզադաշտին կիշէներուն եւ «Հիումել» վաճառատուներուն մէջ:

Հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններուն գիներն են` երեք հազար դրամ, արեւելեանինը` հինգ հազար, իսկ արեւմտեանինը` ութ հազար դրամ:

 

Share this Article
CATEGORIES