«Չեմփիընզ Լիկ». Փորթօ Եւ Մալակա Ապահովեցին Բ. Հանգրուանին Իրենց Տոմսերը
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Անոնց ընթացքին տիրապետեց հաւասարութիւնը` նկատի ունենալով, որ հինգ մրցումի ընթացքին արձանագրուեցան հաւասարութիւններ:
Սակայն հակառակ արձանագրուած այդ հինգ հաւասարութիւններուն, երկու կազմեր` Փորթօ եւ Մալակա յաջողեցան հանդիսանալ այն առաջին երկու խումբերը, որոնք ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը, մինչ այլ անուանի եւ զօրաւոր կազմեր, որոնց կարգին` Ա. Սէ. Միլան, Ռէալ Մատրիտ, Մանչեսթըր Սիթի, Արսենալ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ ուրիշներ, կը մնան սպասողական վիճակի մէջ:
Փարիզ Սեն Ժերմեն հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Տինամօ Զաղրեպը:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, շատ հաւանաբար այլ խումբեր եւս ապահովեն Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Քիեւ – Փորթօ 0-0
Փարիզ Ս. Ժ. – Տինամօ Զաղրեպ 4-0
Բ. ԽՄԲԱԿ
Օլիմփիաքոս – Մոնփելիէ 3-1
Շալքէ – Արսենալ 2-2
Գ. ԽՄԲԱԿ
Ա. Սէ. Միլան – Մալակա 1-1
Անտըրլեխթ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 1-0
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մանչեսթըր Սիթի – Այաքս Ամսթերտամ 2-2
Ռէալ Մատրիտ – Պորուսիա Տորթմունտ 2-2
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ե. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Չելսի – Շախտիոր Տոնեցք 21:45
Եուվենթուս – Նորտսժայելանտ 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – Լիլ 21:45
Վալենսիա – ՊԱԹԷ Պորիսով 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Պենֆիքա – Սպարտակ Մոսկուա 21:45
Սելթիք – Պարսելոնա 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Պրակա – Մանչեսթըր Եունայթըտ 21:45
Քլիւժ – Կալաթասարայ 21:45

