ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ ԼԱՒԱՊԷՍ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Անահիտ Տօնիկեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ուտելիքները լաւապէս պահպանելու կերպերը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ճաշագիրքերու հեղինակ Անահիտ Տօնիկեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան` նշելով, որ դասախօսութիւններու նոր շարք մը սկսած է, յատկապէս ուտելիքներու մասին. շարքը կ՛ընդգրկէ վեց դասախօսութիւններ: Ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը` Մկրեան շեշտեց անհրաժեշտութիւնը  լաւապէս պահպանելու մեր ուտելիքները, ճաշերը, ունենալու սննդարար եւ համով ճաշ:

Անահիտ Տօնիկեան սկսաւ իր դասախօսութեան` յիշեցնելով, որ բոլորս կը գտնուինք այն հանգրուանին, երբ բաւարար քանակութեամբ պատրաստած ենք զատկուան յատուկ քաթաներ, անուշեղէններ, եւ այս բոլորը լաւապէս պահպանելը անհրաժեշտ է:

Դասախօսութեան առաջին բաժինով Ա. Տօնիկեան յաջորդաբար թուեց պատմութեան ընթացքին օգտագործուած այն ձեւերը, որոնք տակաւին կը շարունակեն կիրարկուիլ կարգ մը ժողովուրդներու քով: Այդ ձեւերը հետեւեալներն են.

ա.- Չորցնելը հնագոյն միջոցներէն մէկն է:

բ.- Աղի մէջ պահել:

գ.- Շաքարով պատել` պտուղներու պարագային յատկապէս:

դ.- Եռացնելով հականեխել` յատուկ շիշերու մէջ պահելով:

ե- Արուեստական սննդանիւթեր աւելցնելով, օրինակ` սոտիում նայթրայթ կամ սալֆէյթ:

զ.- Թթուաշի վերածել:

է.- Կիրով պահպանել, յատկապէս սմբուկի ու դդումի պարագային:

ը.- Պահածոյ տուփերը:

թ.- Ժելաթինով պատել ու պահպանել:

ժ.- Կուժերու մէջ պահել մառաններու մէջ:

ժա.- Շողարձակման ենթարկելով կամ բարձր ջերմաստիճանի վրայ եփել:

ժբ.- Յարմար ջերմաստիճանի թթուածինը պարպել եւ փոխարէնը լեցնել ածխածին (քարպոն տայոքսայտ):

ժգ.- Բարձր ճնշումի տակ պահելով կարգ մը ուտելիքներ:

ժդ.- Հողի մէջ պահելով կարգ մը բանջարեղէններու պարագային:

Երբ 21 -րդ դարու կինը տունէն եւ խոհանոցէն հեռու ըլլալով աշխատանքի կ՛ըլլայ, ճաշը պահելու եւ թարմ վիճակով հրամցնելու լաւագոյն միջոցը սառցարանն է ( Ֆրիզըր):

Սառցարանը դարձած է էական մաս մը մեր խոհանոցային պայմաններուն` լաւագոյն ձեւով մեր ուտելիքները եւ ճաշերը պահպանելու համար:

Անահիտ Տօնիկեան հարցումով մը շարունակեց դասախօսութիւնը, թէ որքանո՞վ սառցարանը ապահով է ուտելիքները պահելու, ին՞չ տարողութեամբ ու որքան ժամանակով:

Ա. Տօնիկեան թելադրեց մեծ կաթսաներով չպահել որեւէ ուտելիք սառցարանին մէջ, այլ` ուտելիքները բաժնել փոքր բաժիններու, որքանով որ անհրաժեշտ է այդքան գործածել ճաշի պարագային:

Թելադրանքներու շարքին մէջ Ա. Տօնիկեան յիշեցուց, թէ տուփեղէնները երբեք պէտք չէ պահել ու սառեցնել: Երբ նկատէք որեւէ փոփոխութիւն անոնց տուփի ձեւին մէջ,  զանոնք պէտք չէ ուտել, այլ աղբը թափել, նոյնիսկ չփորձել բանալ համտեսելու համար:

Մայոնեզը, թացանը-սոսերը, քրեմները կարելի չէ պահել սառցարանին մէջ: Հում մսեղէնը, ձկնեղէնը աւելի լաւ կը պահուի սառցարանին մէջ, քան` եփուած վիճակի մէջ:

Որեւէ ուտելիք թարմ վիճակի մէջ սառեցնելը  աւելի լաւ կը պահուի: Խոզի միսը երբ լաւապէս եփած չէ, կրնայ «թրիշինոսիս» պատճառել` իր բարդութիւններով: Հետեւաբար, երբ խոզի միս կը բերենք, շուտով պահենք սառցարանին մէջ, եւ քանի մը օր ետք գործածենք զայն:

Որակը եւ թարմութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ են նախ եւ առաջ թարմ վիճակով սառեցնել, յաճախ ջերմաչափով. հետեւիլ սառցարանի ջերմաստիճանին, որ պէտք է ըլլայ զերօ 0 C:

Ճաշերու, ուտելիքներու ծրարումը իր կարեւոր բաժինը ունի` լաւապէս պահելու համար ճաշերը:

Մսեղէններու պարագային, երբ կը նկատենք միսի գոյնի փոփոխութիւն, յաճախ անոնք այրուցքի արդիւնք են, հետեւաբար` պէտք է փորձել գոյնի փոփոխութիւն կրած մասերը անջատել ու մնացեալ միսը օգտագործել:

Վերջին բաժինով Տօնիկեան բացատրեց ինչպէս սառցահատել ուտելիքները, ճաշերը: Ան թելադրեց սառած ճաշը անմիջապէս դուրս չհանել, այլ սառնարանի բաժինը պահել մինչեւ առաւօտ, ապա գործածել: Ան յիշեցուց, թէ կարելի է գաղջ ջուրի մէջ պահել ուտելիքը, բայց յաջորդաբար փոխել ջուրը:

Իբրեւ եզրակացութիւն, Ա. Տօնիկեան թելադրեց լաւապէս հոգ տանիլ ճաշերը պահելու ընթացքին, ու մեր սառցարանները պահել միշտ լաւ վիճակի մէջ` ունենալու համար համով ու թարմ ճաշեր:

Դասախօսութեան աւարտին Ա. Տօնիկեան ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց` տալով յաւելեալ բացատրութիւններ ու թելադրանքներ:

 

Share this Article
CATEGORIES