ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Ոգեկոչման ձեռնարկէն պահ մը

Ապրիլեան զոհերու անմահ յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման իւրաքանչիւր հաւաք իր շուրջ կը միաւորէ հայրենիքի թէ աշխարհի տարածքին սփռուած հայ ժողովուրդը:

Այս տարի, Մեծ եղեռնի 96-ամեակը, զուգադիպելով Քրիստոսի յարութեան տօնին, յատուկ անդրադարձ ունեցաւ հայ մարդուն համար: Հայ ազգն ալ ի՛ր յարութիւնը վերյիշեց, մինչ նոր շունչով կը շարունակէ իր երթը պատմութեան քառուղիներով:

Հայկազեան համալսարանը, իր գրաւած ակադեմական բարձր պատուանդանէն, լիբանանաբնակ, տեղացի, օտար եւ հայ անձնաւորութիւններու ներկայութեան, բովանդակութեամբ եւ ձեւով իւրայատուկ հանդիսութեամբ նշեց Ապրիլեան զոհերու յիշատակը:

Արդարեւ, երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական խօսքի, պատմական տուեալներու, երաժշտութեամբ եւ խտասալիկներով ընդելուզուած անգլերէն յայտագիր մը: Եկեղեցւոյ բեմին վրայ տեղադրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի խորհրդանշական մանրակերտին առջեւ հայկազեանցի երկու ուսանողներու կողմէ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք հեզասահօրէն ընթացք առաւ յայտագիրը:

Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար դոկտ. Յարութ Ֆազլեան կարդաց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին օրհնութիւն»ը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան ընթերցեց պատմական վկայութիւն մը` Դոկտ. Հերպըրթ Կիպսընէն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Մենոնայթ կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ Սառա Ատամզ եւ միջազգային օրէնքի ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան դասախօս Ուաէլ Խէյր կարդացին Հենրի Մորկընթաուի ականատեսի վկայութիւններէն: Համալսարանի շրջանաւարտ Տիմա Մաթթա ընթերցեց Գէորգ Էմինի «Կոմիտաս անապատին մէջ»ը, շարժապատկերի բեմադրիչ Գարմէն Լապաքի-Գատեան կարդաց Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր»ը: Իսկ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մարմինի ընդհանուր քարտուղար եւ Իսլամական կրօնական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Մոհամմետ Սամմաք ընթերցեց Մարօ Մարգարեանի «Արդարութիւն»ը: Հուսկ, Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Մարուան Թապեթ կարդաց հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Զատկուան երգը»:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին իրենց յատուկ դրոշմը ձգեցին Հայաստանէն հիւրաբար Հայկազեան համալսարանին մէջ գտնուող Էթնօ-Վոքալ-Թրիոն` գլխաւորութեամբ Աննա Մայիլեանի եւ մասնակցութեամբ Ալինա Աւագեանի, Յասմիկ Զաքարեանի եւ Էլեն Կիրակոսեանի (դաշնակ):

Վկայութիւններու փոքր հատուածներ ներկայացուեցան վերապրողներու շառաւիղներէն դոկտ. Փիթըր Պալաքեանի եւ դոկտ. Ալան Սթոնի (դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի թոռը) ելոյթներէն, որոնք յուզիչ եւ խոր տպաւորութիւն ձգեցին ներկաներուն վրայ: Ցուցադրուեցան նաեւ Ժանսեմի` ջարդին եւ կոտորածին նուիրուած գեղանկարները:

Յայտագիրի աւարտին Համազգայինի «Այգ» եւ Հայ աւետարանական «Արմիս» միացեալ երգչախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, ներկաներուն հաղորդեցին յաղթական յարութեան աւետիսը` երգելով «Ով հայոց աշխարհ»ը:

Ներկաները հանդիսութենէն հեռացան այն հաստատ համոզումով, որ լիբանանցի թէ օտար մտաւորականութիւնը խորապէս կը գիտակցի մեր արդարացի պահանջատիրութեան եւ մեծապէս կը գնահատէ մեր ժողովուրդի բարձրորակ մշակոյթը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES