ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅ ԱՌՒԵՒՏՐԱԿԱՆ ՑԱՆՑ»Ի ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
Շարունակելով իր անմիջական ներդրումը բերել ինչպէս Լիբանանի եւ Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի միջեւ գործարար եւ առեւտրական աշխուժ կապերու զարգացման ու համագործակցութեան ամրապնդման Լիբանանի հայ գործարարներու համախմբման պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայ առեւտրական ցանց» խորհրդաժողովին:
Լիբանանահայ պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ համախմբումի նախագահ Նազարէթ Սապունճեանէն, Ռոպեր Տիգրան Ափրատէն եւ Րաֆֆի Սեմերճեանէն:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը եւ աշխատանքները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին մէջ` մասնակցութեամբ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն պատուիրակներու: Բացման խօսքով հանդէս պիտի գան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ու վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Քանատա – Հայաստան գործարար խորհուրդի նախագահ Վահրամ Փերջանեան:
Տեղի պիտի ունենայ համանախագահի ընտրութիւն (սփիւռքի ներկայացուցիչ), ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գործարարներ ելոյթներ պիտի ունենան:
Ելոյթներուն նիւթերը պիտի շօշափեն կամուրջներու կառուցումը հայ առեւտրական ցանցերու միջեւ, Հայաստանի արդիւնաբերութեան օժանդակութիւն, ռազմավարական ծրագրաւորում, գործարարական հաւաքներու կազմակերպում եւ այլ հարցեր: