ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինը երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեանի:
Մարմինը զեկուցեց կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին` հաստատելով, որ Լիբանանի հայկական մարզական երեք միութիւնները միացեալ պատուիրակութեամբ մը պիտի ներկայացնեն Լիբանանը` օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական խաղերուն:
Դեսպանը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ խոստացաւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել Լիբանանի պատուիրակութեան:
Նշենք, որ Համահայկական խաղերու միացեալ մարմինը Լիբանանի իր ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ կ՛ունենայ իր հերթական նիստերը, եւ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
26 ապրիլ, 2011
Պէյրութ