«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ` 0-2
Երէկ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Ռէալ Մատրիտ հիւրընկալեց Պարսելոնան:
Զուտ սպանական այս ճակատումը աւարտեցաւ ի նպաստ հիւր կազմին` Պարսելոնայի, 2-0 արդիւնքով:
Մրցումին երկու կոլերը նշանակեց Արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի` 76-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն: Անոր նշանակած երկրորդ կոլը բաւական իւրայատուկ էր` նկատի ունենալով, որ ան 3-4 մարզիկ խաբելէ ետք կոլ նշանակեց Իքեր Քասիասի բերդին մէջ:
Դաշտին տէրերը մրցումը աւարտեցին 10 մարզիկով եւ Փեփէ կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մորինիօ կարմիր քարտ մը ստանալով մրցումին հետեւեցաւ դաշտին թրիպիւնէն:
Ռէալ Մատրիտի մարզիկներէն Սերժիօ Ռամոս, որ դեղին քարտ մը ստացաւ, պիտի բացակայի դարձի մրցումէն` կախակայուած ըլլալով: