50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1962)

Պարիթոն–Երգիչ
Տիգրան
Ժամկոչեանի Յաջողութիւնը

Լիբանանահայ երիտասարդ պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան, Ա. մրցանակաւոր Պէյրութի պետական երաժշտանոցէն, 1962, սեպտեմբեր 25-ին, Ժընեւի մէջ մասնակցած է Միջազգային 18-րդ երաժշտական մրցումին:

Ինը հեղինակաւոր երաժշտագէտներէ բաղկացած դատական կազմի մը հսկողութեամբ, մրցումին մասնակցող 36 երկիրներէ 327 սիրողական եւ արհեստավարժ երգիչներու զտումին վերջին 11 ընտրուած երգիչներէն մէկը կ՛ըլլայ Տիգրան Ժամկոչեան:

Սեպտեմբեր 18-ին, Ժէօնէս Միւզիքալի հրաւէրով, Պիէնի Ֆարելի սրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Զուիցերիոյ լիբանանեան դեսպան Ժոզեֆ Եազպէքի, ունեցած է նաեւ համերգային յաջող ելոյթ մը` մեծապէս գնահատուելով ներկաներէն:

Երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը առաջարկած է Ա. պարիթոնի մենակատարութիւնը վերցնել տեղւոյն օփերային մէջ:

Զուիցերիական օրաթերթերէն «Ժուրնալ տը Ժիւրօ»-ի թղթակիցը, ընդարձակ յօդուածով մը թուած է Տիգրան Ժամկոչեանի երգիչի արժանիքները` անթերի գտնելով յայտագրի ամբողջական գործադրութիւնը: Խանդավառ ծափերու ու գնահատանքի արժանացած են հայերէն երգերը: Այս մասին թերթը կը գրէ.

«Հայաստանեան երաժշտութիւնը փոխեց սրահին մթնոլորտը: Յանկարծ, այս փայլուն երգիչը կը դառնար յուզական: Անիկա կ՛արտահանէր խորամանկ ու բազմերանգ երաժշտութիւն մը, նրբացած արուեստ մը, որ չէր խզած իր կապերը ներշնչումի յորդ աղբիւրին, մայր հողին հետ»:

Թերթը կ՛եզրակացնէ.

«Տիգրան Ժամկոչեան կ՛ընթանայ արքայական ճամբէն, որ միջազգային օփերան է»:

Պէյրութի Հայագիտական
Ամպիոնին
Բացումը

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 1962-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ Արեւելեան Դպրութեանց կաճառի հայագիտական ամպիոնի երեսուներորդ տարեշրջանի բացումը:

Դասախօսն էր ամպիոնի վարիչ Յովհաննէս վարդապետ Մըսըրեան: Նիւթը` «Գաղատիոյ հայ մանրանկարչական դպրոցը»:

Հայր Մըսըրեան, նիւթին անցնելէ առաջ, յիշեց անունները այս տարուան ընթացքին վախճանած հայագէտներուն. Դիտերս, Սերոբ Ղազարեան, Արշակ Ալպօյաճեան, Վան Տէր Ութենրայն: Անդրադարձաւ իւրաքանչիւրին գործին:

Դիտերս, կովկասագէտ մըն էր: Հրատարակած էր «Հայերէնը եւ կովկասեան լեզուները» ուսումնասիրութիւնը:

Սերոբ Ղազարեան եղած է Ակադեմիայի լեզուաբանական մասնաբաժնի քարտուղար: Գրած է «Հայ լեզուի համառօտ պատմութիւնը», «Հայոց գրական լեզուի պատմութիւնը» եւ «Ժամանակակից հայոց լեզուն եւ ռուսերէնի դերը` անոր զարգացման մէջ»:

Արշակ Ալպօյաճեան, տքնաջան բանասէր, գրած է հաստափոր հատորներ` Կեսարիոյ, Մալաթիոյ, Ուտինայի, Եթովպիոյ հայոց եւ գաղթականութեանց մասին:

Վան Տէր Ուդենրայն, Դոմինիկեան հայր, գրած է բազմաթիւ յօդուածներ: Կը պաշտպանէր միջնադարեան հայերէնը իբրեւ հարուստ լեզու:

Հայր Մըսըրեան, ապա անցնելով իր նիւթին, ըսաւ. «Գաղատիոյ հայ մանրանկարչական դպրոցին մասին հայոց ուսումնասիրութիւններ չկան: Բազմաթիւ ձեռագիրներ կորսուած են Բաբգէն կաթողիկոսի ձեռագրաց ցուցակը, Զմմառի վանքին ձեռագիր աւետարանը, գողտրիկ մանրանկարներով եւ Պելճիքայի մէջ գտնուող հայկական ձեռագրերը իրենց մանրանկարներով, կրնան Գաղատիոյ հայ մանրանկարչական դպրոցին մասին որոշ գաղափար մը տալ»:

Դասախօս հայրը, լուսապատկերներով ցոյց տուաւ մանրանկարներու վերարտադրութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES