Մեր Երեխաները Եւ Մենք. Ինչպիսի՞ Կօշիկ Եւ Գուլպայ Ընտրել Երեխաներուն Համար
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կօշիկի Ընտրութիւն
Երբ երեխան քալել սկսի, անոր անհրաժեշտ են յարմարաւէտ կօշիկներ:
Երեխային ոտնաթաթը ունի որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք կ՛ենթադրեն յատուկ կօշիկներ:
Երեխային ոտքը առջեւէն լայն է, իսկ ետեւի մասը` նեղ, բացի ատկէ, ոտնաթաթը փափուկ է` կռճիկային վիճակի մէջ: Նեղ, անյարմար կօշիկը կրնայ ձեւափոխել երեխայի ոտնաթաթերուն իրական ձեւը` դառնալով հետագայ բարդութիւններու պատճառ:
Կօշիկ գնելու ատեն պէտք է խորհրդակցիլ փորձառու վաճառողի հետ, երեխան կրնայ չզգալ, որ կօշիկները կը նեղեն ոտքը:
Կարելի չէ երեխային հագցնել ուրիշին հագած կօշիկը` «ժառանգուած» աւագ եղբայրներէն կամ քոյրերէն:
Երեխային համար պէտք է ընտրել անոր ոտքի ձեւին համապատասխան կօշիկ` բնական կաշիէ, որպէսզի անոր ոտքը «շնչէ» եւ քրտինքը ներսը չհաւաքուի: Անոր ոտքին մատները կամ կրունկը պէտք չէ սեղմուին, ոչ ալ չափէն աւելի ազատ ըլլան:
Առհասարակ փոքրիկներուն ոտքերը արագ կ՛աճին, այնպէս որ, պէտք է ստուգել անոնց կօշիկները եւ ոտքերուն վիճակը:
Քաջալերեցէք երեխան, որ օրուան ընթացքին քանի մը ժամ բոպիկ քալէ, որպէսզի անոր ոտքերը հանգստանան. բացի ատկէ, առանց կօշիկի քալելը կը կանխարգիլէ հարթաթաթութեան զգացումը:
Գուլպայի Ընտրութիւն
Կօշիկներուն նման, գուլպաներն ալ պէտք է յարմարաւէտ ըլլան: Անոնք պէտք է միայն բամպակեայ ըլլան, որպէսզի փոքրիկին ոտքերը «շնչեն», եւ սնկային հիւանդութիւն չյառաջանայ:
Շատ մեծ գուլպաները կը կծկուին կօշիկին մէջ, իսկ չափէն աւելի պզտիկները` կը սեղմեն երեխային ոտքին բութամատերը եւ կը խանգարեն ոտքի բնական աճը: Պարբերաբար պէտք է հետեւիլ, որ գուլպաները երեխայի ոտքին համապատասխան ըլլան:
Նորաձեւութիւն
Աշուն-Ձմեռ Նորաձեւութեան
Աքսեսուարները
Աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան մէջ աքսեսուարները, ինչպէս միշտ, կարեւոր տեղ կը գրաւեն. այսպէս`
- Տիօր, Քլոէ եւ Վանեսա Պրունոյի մօտ պայուսակները քառանկիւնաձեւ են, անոնցմէ մաս մը փոշեթի ձեւով են, մաս մըն ալ կարճ կոթով օժտուած են:
- Ժիւլիէն Տաւիտի եւ Լուի Վուիթոնի մօտ գլխարկները անպակաս են, մերթ քափիւշոնի ձեւով, մերթ` խորունկ ու բարձր, օժտուած` փետուրներով:
- Ռոշայի մօտ մինչեւ մէջքը երկարող մանեակները կը զարդարեն միագոյն պարզ հագուստները:
- Ռոլան Մուրէի մօտ վերարկուներն ու բաճկոնները օժտուած են արուեստական մուշտակէ օձիքներով:
- Հերմէս լայն ապարանջաններով կը զարդարէ կնոջ դաստակները:
- Տիօրի եւ Վանեսա Պրունոյի մօտ կօշիկներն ու կարճ մոյկերը օժտուած են հաստ եւ բարձր կրունկներով:
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Սիրելին
Մշտապէս Կողքին Պահել
Կ՛ուզէք ըլլալ ձեր սիրածին ամբողջ կեանքի ընկերը եւ ստեղծել այնպիսի կնոջ կերպար, որ բոլորին հիացումի առարկան կը դառնայ, հետեւեցէ՛ք ստորեւ տրուած 10 խորհուրդներուն եւ գործադրեցէք անոնցմէ առնուազն եօթը…
1
Եղէք տարբե՛ր: Գօգօ Շանելը ըսած է, որ կինը պէտք է մշտապէս փոխուի: Կանխատեսելիութիւնը կնոջ հիմնական թշնամին է: Տղամարդը երբեք պէտք չէ գուշակէ, թէ ի՛նչ կերպար էք ընտրեր դուք տուեալ օրուան համար: Օր մը կրնաք պզտիկ աղջիկ ըլլալ, որ հոգատարութեան եւ քնքշութեան կարիք ունի, մէկ ուրիշ օր` իսկական արկածախնդիր, որ չի յոգնիր նորանոր յայտնագործութիւններէ, ուրիշ անգամ կրնաք ընտրել տնային տնտեսուհիի կերպարը եւ այլն… Կարեւորը` երկար ժամանակ մէկ դիրքի վրայ չմնալն է:
2
Ընդունեցէք տղամարդը այնպէս, ինչպէս որ է: Անընդհատ մի՛ պահանջէք անկէ ըլլալ այնպէս, ինչպէս դուք կ՛ուզէք. ընդհակառա՛կը, դուք պէտք է սիրէք զինք այնպէս, ինչպէս որ է, եւ խրախուսէք ամէն անգամ, երբ ան ձեզի որեւէ հաճելի անակնկալ մատուցէ:
3
Վստահելի՛ եղէք: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր սիրելին կարծէ, թէ դուք իրեն հետ էք միայն ուրախ օրերուն, բայց ոչ` դժուար պահերուն: Մի՛ թափէք անոր վրայ ձեր մեղադրական խօսքերը ամէն անգամ, երբ ան կ՛ընդունի իր սխալը: Միշտ խրախուսանքի, քաջալերանքի առիթ ստեղծեցէք:
4
Սիրեցէ՛ք դուք ձեզ: Ոչ մէկ տղամարդ կը սիրէ ձեզ, եթէ առաջին հերթին դուք ձեզ չսիրէք: Խնամուած եղէք միշտ, եղէք վայելուչ եւ ներկայանալի, ձեր հաշուոյն խնայողութիւններ մի՛ ընէք եւ հետագային զոհի դերը մի՛ ստանձնէք:
5
Վիճելէ մի՛ վախնաք: Որքան ալ տարօրինակ թուի, բախումները զոյգերու միջեւ խթանող են: Մի՛ կուտակէք բացասական ուժերը, այլ նպատակային ձեւով սպառեցէք զանոնք:
6
Մի՛ ըլլաք ձեր սիրածին ընկերը: Յարաբերութիւններու սկիզբը հիանալի կը թուի, թէ դուք ունիք նոյն հարցերը, նոյն գործերը ու անվերջ կրնաք ընկերներ մնալ: Ո՛չ, ասիկա սխալ մօտեցում է: Ձեր յարաբերութիւնները անշուշտ որ ջերմ պէտք է ըլլան, բայց ոչ` ընկերական, այլապէս շատ շուտով կը զգաք, որ նոյնիսկ խօսակցութեան նիւթը սպառեր է:
Ձեր մէջ թող ապրի սիրահարած կնոջ կերպարը, եւ թող ան ընկերուհիէ աւելի կին-ընկերուհին տեսնէ իր դիմաց:
7
Երբ ան տուն մտնէ, մէկ կողմ դրէք ձեր առօրեայ հոգերն ու յոգնութիւնը, չէ՞ որ ան ալ նոյն վիճակին մէջ է: Տանջուած, զրկուած կամ լքուած կնոջ դերը մի խաղաք: Եղէք անոր կողքին, եղէք ներկայ եւ թոյլ տուէք, որ ան ցանկայ ձեզ:
8
Պահպանեցէք ձեր օճախը: Ճանապարհեցէք ձեր սիրածին ամէն առտու` գործի մեկնելուն, դիմաւորեցէք ազնիւ խօսքով մը եւ կամ` համբոյրով: Մշտապէս մաքուր ու կոկիկ պահեցէք տունը եւ պատրաստ ճաշ ունեցէք:
9
Խօսեցէ՛ք: Երեկոյեան երբ ան յոգնած տուն վերադառնայ, մի՛ ծանրաբեռնէք աւելորդ հոգերով: Կերակուրը պատրաստեցէք, առիթ տուէք, որ հանգստանայ եւ միայն յետոյ սկսէք պատմել ձեր առօրեայ հարցերուն մասին:
10
Հաւասարակշռութիւն ստեղծեցէք «տալու» եւ «առնելու» միջեւ: Մշտապէս յիշեցէք` սէրը առեւտուր է: Թերեւս շատ կոպիտ հնչէ այս խօսքը, բայց երբ կողմերէն մէկը մշտապէս կու տայ եւ ոչինչ կը ստանայ, ան յարաբերութեան տուժած կողմի կը վերածուի, իսկ սէրը հաւասարութիւն է: Տուէք շատ բան, բայց նոյնքան ալ պահանջեցէք եւ մի՛ վախնաք ստանալէ, այլապէս օր մըն ալ պարզապէս տալու բան չէք ունենար:
* * *
Հաւանաբար շատեր կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայն պիտի չգտնուին եւ նոյնիսկ ընդվզին: Այսուհանդերձ, ինչպէս սկիզբը ըսինք, պայման չէ, որ հետեւիք 10 թելադրանքներուն, եօթն որդեգրելը ինքնին մեծ քայլ է:
Խոհագիր
Կիտրոնի Լիցք`
Սարտինով
3 կիտրոն
6 կտոր պահածոյ սարտին (աղկեր)
Պզտիկ սոխ մը
6 ձիթապտուղ
Մէկուկէս թէյի դգալ մանանեխ (մութարտ)
Մէկուկէս թէյի դգալ թթուասեր
4 ճիւղ ազատքեղ
Աղ, պղպեղ
Պատրաստութիւն.
Կիտրոններուն վրայ եռացած ջուր լեցնել, գաւաթի բաժինը կտրել եւ սուր դանակի օգնութեամբ միջուկը պարպել:
Իւրաքանչիւր կիտրոնի կեղեւի վրայ 1,5 սմ. հեռաւորութեամբ ուղղահայեաց կտրուածքներ ընել:
Աղկերները (սարտին) ձէթէն հանել, պատառաքաղով ճզմել: Սոխը բարակ շերտերու վերածել: Ազատքեղը մանր մանրել, ձիթապտուղները կտրտել, այս բոլորը լեցնել փոս ամանի մը մէջ եւ աւելցնել մանանեխը, թթուասերը եւ 1 ապուրի դգալ կիտրոնի միջուկը: Բոլորը միատեղ խառնել, ապա աղել ու համեմել` ըստ ճաշակի:
Կիտրոնները լեցնել այս խառնուրդով եւ շարել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մի անինքնասէր տգեղ կնոջ պէս
Սիրահարուել է ինձ տխրութիւնը,
Որին չեմ սիրում
Եւ այդ պատճառով
Նա իր հագուստն ու անունն է փոխում –
Մերթ` կոչւում թախիծ,
Մերթ` կարօտ,
Մերթ` վիշտ,
Ցաւ կամ տրտմութիւն:
Հետապնդում է ու չի հասկանում,
Որ մենք չենք սիրում հետապնդողին,
Որ մենք սիրում ենք ու գերում նրան,
Ում դուր չենք գալիս:
Ես էլ իմ հերթին
Իմ ամբողջ կեանքում հետապնդում եմ ուրիշին`
Նրան,
Որ նոյնպէս, դիտմամբ, անունն է փոխում –
Այն յոյսով գուցէ, թէ մոլորուելով`
Հետքն իր կորցնեմ –
Մէկ խնդութիւն է անուանում իրեն,
Մէկ` ուրախութիւն, կայտառութիւն է կամ պայծառութիւն:
Հետապնդում եմ
Ու չեմ դադարի,
Մինչեւ նա անուժ,
Մինչեւ նա տրուած
Ինձ չասի.
«Քոնն եմ»:ՇՈՒՇԱՆ ՆԵՐԿԱՐԱՐԵԱՆ





