Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն
Սելիմեանի Այցելութիւնները

– Հոկտեմբեր 4-ին համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ կրթութեան նախարար Հզուան Ուազի: Վեր. Սելիմեան կրթամշակութային նիւթերու անդրադառնալով` նաեւ լուսարձակի տակ առաւ կրթութեան եւ գիտութեան անփոխարինելի կարեւորութիւնը` ժողովուրդներու եւ ազգերու զարգացման եւ բիւրեղացման գործընթացին մէջ: Ան նաեւ  առաջարկեց նախարարութեան հեռակայ դրութեամբ կրթութիւն ստանալու կարելիութիւնը: Յետ քննարկման` ան ստացաւ նախարարութեան հաւանութիւնը եւ որոշումը` հեռակայ ուսման ծրագրին շուրջ:

– Նոյն օրը համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ նաեւ խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Ժիհատ Լահհամի հետ, որ անդրադարձաւ խորհրդարանին դիմագրաւած տագնապներուն:

Վեր. Սելիմեան սուրիահայ ժողովուրդի անունով պաշտօնական խնդրանք մը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահին, որ` յառաջիկայ օրերուն սուրիական խորհրդարանը ընդունի թուրք իշխանութիւններու կողմէ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան քրէական արարքը: Ան նաեւ վերահաստատեց սուրիահայ ժողովուրդին արաբ սուրիացի ժողովուրդին անբաժան մէկ մասը ըլլալու ամբողջական իրաւական հանգամանքը:

Աւարտին, խորհրդարանի նախագահը համայնքապետին յանձնեց յուշանուէր մը:

 

Թեհրան

«Կարապ» Ժողովրդական Պարարուեստի
Կեդրոնին
Տարեկան Ելոյթը

Հոկտեմբեր 25-ին եւ 26-ին, Հ. Ուս. «Չարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան «Կարապ» ժողովրդական պարարուեստի կեդրոնին տարեկան ելոյթը, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարերու բեմադրիչ` Արտեմ Նալպանդեան, պարուսոյց` Նարինէ Ազալբարեան, փորձավար` Անաշէ Ջհանգիրեան:

Նշենք, որ ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով` ելոյթը կրկնուեցաւ 3 նոյեմբերին:

 

Յունաստան

Հայկական Տպագրութեան
500-
ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ «Արմենիքա» խմբագրութեան, 22 հոկտեմբերին Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայկական տպագրութեան 500-ամեակին:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ Յակոբ Ճելալեանի նոր հրատարակուած «Հայկական տպագրութիւնը» յունարէն գիրքը:

«Արմենիքա»-ի խմբագրութեան կողմէ Յովհաննէս Ղազարեան անդրադարձաւ հայկական տպագրութեան 500-ամեայ պատմութեան` նշելով նաեւ, թէ Երեւանը կարեւոր այս յոբելեանին առիթով համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ:

Ան նշեց, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան ողջոյնի գիր մը ուղարկած է յատկապէս այս ձեռնարկի կազմակերպման առիթով:

Գիրքի հեղինակ Յակոբ Ճելալեան խօսեցաւ հայկական տպագրութեան 500-ամեայ ճանապարհին մասին` պարզելով տարբեր դարերուն ընթացքին հայ տպագրութեան պայմաններն ու դժուարութիւնները:

Գրագէտ Փեթրոս Մարքարիս անդրադարձաւ իր գերդաստանի պատմութեան` յիշատակելով Պոլսոյ մէջ իրենց կեանքը, ապա խօսեցաւ հայկական ինքնութեան եւ այդ պահպանելու երկու գլխաւոր ազդակներուն մասին` կրօն եւ լեզու, որպէս  փոքրամասնութիւններու ազգային յատկանիշներու պահպանման հիմնասիւներ:

Երկու զեկուցաբերները նշեցին հայատառ գիրքի ու թերթի հրատարակութեան  անհրաժեշտութիւնը` հայոց լեզուի պաշտպանութեան գործին մէջ:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Նոր Աշխարհ» երկշաբաթաթերթի կողմէ Լորանս Մենենտեան եւ «Ազատ Օր»-ի կողմէ` Ալիս Ֆարաճեան:

Յայտնենք, որ սրահի մուտքին ցուցադրութեան դրուած էր հնատիպ գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը:

 

Դանիա

Ճարտարապետական Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 24-ին Քոփենհակընի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ «ազգային ճարտարապետութեան ժամանակակից միտումները» խորագրով միջազգային ճարտարապետական ցուցահանդէսի բացում:

Ցուցահանդէսին 27 դեսպանութիւններ ներկայացուցին իրենց երկիրներուն ճարտարապետութիւնը` ազգային իւրայատկութիւններով եւ ձեւերու բազմազանութեամբ:

Հայկական պատմական ճարտարապետական կոթողներու կողքին, ցուցադրուած էին նաեւ 1998-ին կառուցուած Ս. Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ  (ճարտարապետներ` Ա. Մխիթարեան, Արթուր Մանուկեան, Արթուր Սուքիասեան), 2001-ին կառուցուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մուտք-խորանի (ճարտարապետներ Ճիմ Թորոսեան եւ Ռոմէօ Ջուլհակեան) եւ Սուրբ Խաչ մատուռի  (ճարտարապետ` Սարգիս Սարդարեան-Ջուլհակեան) լուսանկարները, ինչպէս նաեւ` Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ ծրագիր-մրցոյթին մասնակցած ճարտարապետներ Էրիկ Օհանեանի, Արման Ալավերդեանի, Ակաթա Յարութիւնեանի, Անուշ Յարութիւնեանի եւ Կարեն Բալայեան-Ջուլհակեանի նախագիծերը:

Ցուցահանդէսին հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան բաժինը ներկայացուած էր ուրարտական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը` ընդգծելով Հայաստանը որպէս  քրիստոնէական ճարտարապետութեան օրրան, ինչպէս նաեւ` նշելով բիւզանդական եւ իսլամական ճարտարապետութեան մէջ հայ ճարտարապետներու եւ արհեստաւորներու ձգած հետքերուն մասին:

Հայաստանի դեսպանութեան վահանակին հետ միասին ցուցադրուած էին հայկական տուֆ քարերու նմուշները եւ դանիացի ճարտարապետ Փիոռն Եորկենսենի «Լոյսի մասնիկներ սեւ այգիի շուրջ. կովկասեան եկեղեցին արեւելքի եւ արեւմուտքի խաչմերուկին մէջ» դանիերէն լեզուով գիրք-ալպոմը, որ նուիրուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան:

 

Փարիզ

Կոմիտասեան Օրեր

Համագործակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի ու հաղորդակցութեան  նախարարութիւններուն, 13-18 հոկտեմբերին Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 140-ամեակին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ:

Շարքը սկսաւ Սորպոն համալսարանի «Ռիշըլիէօ» ամփիթատրոնին մէջ համերգ-գիտաժողովով` նիւթ ունենալով Կոմիտասի աշխարհիկ երաժշտութիւնը: Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 հոկտեմբերին,  Սեն Լուի տէ զ՛Էնվալիտ տաճարին մէջ` նուիրուած Կոմիտասի հոգեւոր երաժշտութեան: Ռոպեր Մլքէեանի ղեկավարութեամբ, Հայաստանի սենեկային երգչախումբին տուած համերգին առընթեր, Մհեր Նաւոյեան եւ Անթոնի Ժիրար ներկայացուցին վարդապետին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր վաստակը` հայ ազգային եւ համաշխարհային երաժշտութեան զարգացման մէջ:

Հոկտեմբեր 18-ին Սալ Կաւոյի մէջ տեղի ունեցաւ գլխաւոր ձեռնարկը` մասնակցութեամբ Հայաստանի սենեկային երգչախումբին,  ղեկավարութեամբ Ռոպեր Մլքէեանի, «Սիփան- Կոմիտաս» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Կարպիս Ափրիկեանի, «Նայիրի» սենեկային նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Հայկ Դաւթեանի, «Արփեճիոն» քառեակին,  երաժշտագէտ, դաշնակահար Սվեթլանա Նաւասարդեանի, մեներգիչներ` Բարսեղ Թումանեանի (պաս), Ճուլիէթա Գալստեանի (մեցցօ սոփրանօ), Յասմիկ Թորոսեանի (սոփրանօ):

Հայաստանի սենեկային երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի 140-ամեակին առթիւ Ա. Ահարոնեանի յատկապէս յօրինած «Մենաւոր» երգերու շարքը, որուն հիմք ծառայած են Կոմիտասի հարսանեկան եւ գեղջկական երգերը:

Այս առթիւ Ֆրանսա ժամանած էր նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարը Յասմիկ Պօղոսեան` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը: Նախարարը հանդիպում  մըն ալ ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ֆրետերիք Միթերանի հետ: Երկուքին մօտ տրամադրութիւն յայտնուած է մշակութային գործակցութեան նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու մասին:

 

Գերմանիա

Հայ Մշակոյթի Օրերը

Հոկտեմբեր 18-21 Գերմանիոյ Պատեն-Վիւրթեմպերկ երկրամասի մայրաքաղաք Շթութկարտի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մշակոյթի օրեր» ձեռնարկը` նուիրուած հայոց գրատպութեան 500-ամեայ յոբելեանին:

Ձեռնարկներու ծիրին մէջ  Շթութկարտի  Լիէտերհալէի «Մոցարթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  համերգ: «Հայ մշակոյթի օրեր»-ու գլխաւոր կազմակերպիչ եւ Պատեն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տիրատուր քհնյ. Սարդարեան խօսք առնելով` յայտնեց, թէ հարկ է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ մշակութային կամուրջ կառուցել` երկու ժողովուրդներու բարեկամական կապը զարգացնելու համար:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան եւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան: Ապա տեղի ունեցաւ Կոմիտասի անուան ոսկիէ մետալներու յանձնում արուեստագէտներ`  Ռուբէն Ղազարեանի, Կարինէ Պապաջանեանի, Վարդան Մամիկոնեանի:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Պատեն-Վիւրթեմպերկի փոխնախարար  Մանֆրետ Շթեհլեն, որ բարձր գնահատեց հայ մշակոյթն ու արուեստը եւ շեշտեց, որ գաղութին մէջ հայերը կարեւոր մաս մը կը կազմեն:

«Հայ մշակոյթի օրեր»-ու ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը դասախօսութիւններ,  պատմամշակութային ծրագիրներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ:

 

Հոլանտա

Կիւրճիեւի Անուան Ժողովրդական Նուագարաններու
Համոյթին
Ձայնասկաւառակը Առաջադրուած Է
Հոլանտական
«Էտիսըն Աուըրտ»-ի Մրցանակին

Աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն` հոլանտական «Էտիսըն աուըրտ»-ի` լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ անուանակարգին առաջադրուած է Կիւրճիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու համոյթին ձայնասկաւառակը` «Միւզիք աֆ Ժորժ Կիւրճիեւ» «Տը Կիւրճիեւ ֆոլք ինսթրումընց անսամպլ» Լեւոն Իսկենեան` հրատարակուած գերմանական «Ի. Սի. Էմ. ռեքորտս»-ի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Կիւրճիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու համոյթի խմբավար Լեւոն Իսկենեան:

Յիշեցնենք, որ այս ձայնասկաւառակը 2012 թուականին Հայաստանի «Ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան» ճանչցուած էր իբրեւ լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց
ԼԱ
–ի Ոստիկանապետ Լի Պաքան

Հոկտեմբեր 22-ին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ այցելեց Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ շերիֆ Լի Պաքա:

Աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան Լոս Անճելըսի գաւառային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` հոն բնակող հայ համայնքին հետ առնչուող շարք մը խնդիրներ:

Կեդրոնական կոմիտէն շերիֆ Պաքայի փոխանցեց նաեւ այս վերջինին հայ-թուրք յարաբերութեանց գծով տարած ճիգերու ուղղութեամբ մարմինի համոզումներն ու ակնկալութիւնները, որոնց ուղղութեամբ Պաքա հասկացողութիւն ցուցաբերեց:

Պաքայի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կարի Նալպանտեան, Կարի Ճրճրեան, Ճօ Պաղտատլեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ Տարելիցի
Ձեռնարկները
Համակարգող Յանձնախումբի Նիստ

Հոկտեմբեր 23-ին Նիւ Եորքի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող տեղական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը:

Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց տեղական յանձնախումբի ձեւաւորման փաստը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարեն Նազարեան:

Յանձնախումբի նախագահ Խորէն Բանդազեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց յառաջիկայի աշխատանքներու ծրագիրը:

Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Յարութիւն Կոճոյեան հանդէս  եկաւ աշխատանքներու համակարգման վերաբերեալ առաջարկներով եւ մեկնաբանութիւններով:

 

Մեքսիքօ

Դեսպան Մարգարեանի Այցելութիւնը

Հոկտեմբեր 14-19 աշխատանքային այցով Մեքսիքօ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ համատեղութեան կարգով Հայաստանի դեսպան նշանակուած էր նաեւ Մեքսիքայի մէջ:

Հոկտեմբեր 18-ին դեսպանը  հաւատարմագրերը յանձնեց Մեքսիքայի նախագահ Ֆելիպէ Քալտերոնի, որուն յաջորդեց առանձնազրոյց` մասնակցութեամբ արտաքին  գործոց նախարար Փաթրիսիա Էսփինոզայի:

Նախագահին հետ տեղի ունեցած հանդիպման նախորդեցին  դեսպան Մարգարեանին հանդիպումները արտաքին գործոց փոխնախարար Լուրտես Արանտայի եւ Եւրոպայի հարցերով գլխաւոր քարտուղար, դեսպան Խոսէ Իկնասիօ Մատրասոյի հետ: Հայաստանի դեսպանը ընդունեց Մեքսիքոյի խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Հեսուս Մուրիլիօ Քարամ, ինչպէս նաեւ` ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու գծով երկարամեայ պատասխանատու, ներկայիս խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆրանչիսքօ Արոյօ:

Հանդիպումներուն ընթացքին մեքսիքական կողմը իր մեծ գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկարամեայ ընդմիջումէն ետք Հայաստանը կրկին դեսպան  նշանակած է Մեքսիքոյի մէջ, նաեւ Հայաստանը յուզող հարցերու եւ տարածաշրջանային խնդիրներու նկատմամբ կը շարունակուի աւանդաբար բարեկամական ու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը:

Դեսպան Մարգարեան իր հերթին հաստատեց, որ հայկական կողմը հաստատակամ է հայ-մեքսիքական յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման հարցին մէջ:

Հայաստանի դեսպանը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Մեքսիքայի արտաքին առեւտուրի խթանման համար պատասխանատու «Փրօ Մեքսիքօ» պետական կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ:

 

Քանատա

Գիրքի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի գրասենեակին, աջակցութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, 22-24 հոկտեմբերին Թորոնթոյի, Օթթաուայի եւ Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Քրիս Պոհջալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կեդրոնանալով Արմէն Պետրոսեանի եւ Էլիզապէթ Էնտիկոթթի սիրոյ պատմութեան վրայ:

Օթթաուայի մէջ շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 23 հոկտեմբերին, «Ռիտօ» կեդրոնի «Չեփթըրզ» գրախանութին մէջ:

Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ «ցեղասպանութիւն» երեւոյթի դատապարտման կարեւորութիւնը` նման ոճրագործութիւնները հետագային բացառելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES