Ընկերային Հրատապ Հարցեր. Բնակարանը Շուկայի Ապրանք Չէ

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Վարչական եւ դատաստանական խորհրդարանական յանձնախումբը մշակած է վարձակալական սեւ օրինագիծ մը, որ գերազանցապէս բնակարանազրկող օրինագիծ մըն է, որ կը սպառնայ աղքատ եւ կիսով ընչազուրկ քաղաքացիները դարձնել գաղթականներ` իրենց իսկ հայրենիքին մէջ… եւ որուն անդրադարձանք նախապէս` իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, եւ ներկայ գրութեամբ կ՛ուզենք մանրամասնօրէն քննութեան ենթարկել ատոր յօդուածներուն անարդար եւ հակասահմանադրական տրամադրութիւնները:

Բնակարանազրկող այս սեւ օրինագիծը կոտոշաւոր խախտում մըն է Լիբանանի սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն մարդու իրաւունքները քաղաքացիներուն, ներառեալ` բնակարանի իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Մարդու իրաւանց տիեզերական հռչակագրին մէջ:

Բոլոր զարգացած, յառաջդիմած եւ քաղաքակիրթ պետութիւններու սահմանադրութիւնները եւ օրէնքները կ՛երաշխաւորեն քաղաքացիներու բնակարանի իրաւունքը` զայդ նկատելով հիմնական, մարդկային, ընկերային, ազգային եւ քաղաքական իրաւունք մը: Եւ այդ զարգացած պետութիւնները ունին դրամատիրական ազատ տնտեսակարգեր, ինչպիսին է Լիբանանի տնտեսակարգը, բայց այդ պետութիւնները  կ՛ընդունին, որ բնակարանը քաղաքացիին` շուկայի ապրանք մը չէ, որ կ՛ենթարկուի պահանջարկ-առաջարկ զուտ առեւտրական կանոնին: Արդեօք Լիբանանի մեր պետութիւնը իրօք քաղաքակի՞րթ է, ինչպէս կը յաւակնինք:

Յառաջդիմած եւ քաղաքակիրթ այդ պետութիւնները, ինչպէս Ֆրանսան, ունին յատուկ նախարարութիւն մը` բնակեցման նախարարութիւն անունով, որ կը զբաղի բնակարաններու հարցով միայն եւ կը մշակէ բնակեցման համապարփակ քաղաքականութիւն` սահմանափակ եկամտաւոր քաղաքացիներուն ապահովելու համար պատշաճ բնակարան: Այդ պետութիւններու տեղական իշխանութիւնները, քաղաքապետութիւնները կը կառուցեն` HLM կոչուող ժողովրդային բնակարաններու համալիրներ, եւ փոքր եկամտաւոր քաղաքացին կը ստանայ այդ բնակարաններէն յարկաբաժին մը` փոխան մատչելի եւ սերտուած փոխարժէքի, զոր ան կը վճարէ 20 կամ 30 եւ նոյնիսկ 40 տարուան վրայ բաշխուած մասնավճարներու դրութեամբ` խորհրդանշական տոկոսներով: Իսկ կեդրոնական իշխանութիւնները կը գնեն պատրաստ շէնքեր` ատոնց տէրերուն վճարելով շէնքի փոխարժէքին 65 տոկոսը, պետութիւնը դառնալով տէրը ատոնց, եւ այս անգամ` պետութիւնը ինք յարկաբաժիններ կը ծախէ մատչելի գիներով, կամ վարձու կու տայ մատչելի ամսավճարներով միջին դասակարգի քաղաքացիներուն:

Այսպէս շարժելով` այդ պետութիւնները պահպանած կ՛ըլլան երկրի ներքին քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու անդորրը, որովհետեւ բնակեցման ընկերային լուրջ հարցին հանդէպ անհոգութիւնն ու ձեռնպահութիւնը պետութեան կողմէ` կրնայ առաջնորդել ընկերային ըմբոստութեան եւ նոյնիսկ յեղափոխութեան, որպիսին է պարագան այս սեւ օրինագիծին, որ կը սպառնայ բնակարանազրկել Լիբանան բնակող քաղաքացիներուն 30 տոկոսը, որ կ՛ընէ` մէկ միլիոն լիբանանցի:

Անհասկնալին ու տարօրինակը այս սեւ օրինագիծին այն է, որ ատիկա մշակողները ո՛չ օսմանեան թուրք դաժան վալին է եւ ո՛չ ալ ֆրանսական հոգատարութեան շրջանի բարձր քոմիսերը պժգալի… այլ` Լիբանանի անկախութեան շրջանի երեսփոխանները, որոնք կը ներկայացնեն բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները, աւելի ճիշդը` ատոնց քոմփրատոր քաղքենիներու դասակարգը` իր իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր թեւերով հաւասարապէս, որոնք անխտիր կը պատկանին Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ճակատներուն, ընդդէմ` անխտիր բոլոր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու փոքր ու միջակ եկամտաւոր քաղաքացիներուն…

Լիբանանի պատմութեան մէջ ասիկա առաջին  անգամն է, որ Լիբանանի քոմփրատոր քաղքենիներուն դասակարգը կը համարձակի փորձել` գործել մահացու մեղքը բնակարանային վարձակալական պայմանագրութիւններուն ազատականացումին:

Անկախութենէն ի վեր վարձակալական բոլոր օրէնքները եղած են արտակարգ օրէնքներ` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական արտակարգ պայմանները, իբրեւ հետեւանք` Բ. Աշխարհամարտին, 1958 թուի ներքին քաղաքական տագնապին, 1975-ին պայթած քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմին, որուն հետեւանքներէն ցարդ չէ փրկուած երկիրը: Ընդհակառակը, այդ արտակարգ պայմանները այսօր առաւել վատթարացած են, եւ լիբանանեան հասարակութիւնը ենթարկուած է պառակտումի եւ բաժանումի վտանգին, արտաքին ազդակներու ալ յաւելումով, որոնց նորագոյնը հանդիսացաւ Էշրեֆիէի մեծ պայթումը, որուն զոհ գնաց զօրավար Ուիսամ Հասան: Սուրիոյ պետութեան, վարչակարգին ու ժողովուրդին դէմ հռչակուած տիեզերական, ահաբեկչական եւ յարանուանական պատերազմին բոցերը կը հասնին Լիբանան` առաւել եւս հրահրելով ապահովական անկայուն վիճակին կրակը: Տակաւին, այս բոլորին նախորդած էր 2005 թուի քաղաքական ու ապահովական երկրաշարժը` վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեամբ, որ մահացու հարուած մը տուաւ երկրի ազգային միասնականութեան, որ արդէն իսկ երերուն էր եւ փխրուն… եւ խափանեց կառավարութեան դիւաններն ու գրասենեակները` հոն տարածելով փտութիւնն ու մսխումները եւ զանոնք վերածեց Ալի Պապայի քարայրներուն` հանրային պարտքը հասցնելով 55 միլիառ տոլարի եւ պատճառ դարձաւ սղաճի խելայեղ մագլցումին եւ գործազրկութիւնը հասցուց 40 տոկոսի… քառապատիկ անցնելով վտանգի գիծը: Ասոնց վրայ աւելցուցէք սիոնական պետութեան հանապազօրեայ  ոտնձգութիւններն ու սպառնալիքները, որոնք սաստկացան 2006 թուի կործանարար ներխուժումէն ի վեր: Այսքանը բաւարար չէ՞ր, որ Լիբանանի խորհրդարանը որդեգրէր վարձակալական արտակարգ օրէնք մը` փոխանակ դիմելու վարձակալական պայմանագրութիւններու թեթեւսոլիկ ու վտանգաւոր ազատականացումին… Մանաւանդ որ Սուրիոյ դէմ հռչակուած պատերազմին մէջ մխրճուեցաւ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ նոր-օսմանական Թուրքիան` սիւննի յարանուանական դրօշով, եւ մեծապէս սրեց երկրի ապահովական տագնապը, որուն իբրեւ հետեւանք` Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ երեւան եկաւ սալաֆիական սիւննիական էմիրութիւններու վտանգը, որոնց շարքին` Ֆաթհ իսլամի էմիրութիւնը, որ կը տարածուի Ռումիյէի բանտէն մինչեւ Նահր Պարետ… եւ իր թշնամին կը նկատէ Լիբանանի պետութիւնն ու անոր  ողնասիւնը հանդիսացող լիբանանեան ազգային բանակը:

Արդ, այս լեռնակուտակ արտակարգ պայմաններուն լոյսին տակ, Լիբանանի խորհրդարանը պարտի ոչ միայն հրաժարիլ բնակարանային պայմանագրութիւնները ազատականացնող այս սեւ օրինագիծէն եւ առնուազն 5 տարիով (կամ` մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2018) երկարաձգել վարձակալական ներկայ արտակարգ օրէնքը, այլեւ` բարեփոխել թիւ 159/92 օրէնքը, ասոր 3 տարուան պայմանագրային ժամանակաշրջանը բարձրացնել 10 տարուան եւ առաստաղ մը սահմանել հետագայ յաւելումներուն համար` զանոնք դարձնելով համամասնական` կեանքի սղութեան ցուցանիշին հետ, վիճակագրական կեդրոնին հրատարակած պաշտօնական ցուցանիշին համաձայն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ այս սեւ օրինագիծը սահմանած է իր յօդ. 38-ին մէջ` ոչ բնակելի վայրերու (առեւտրական եւն.) պայմանագրութիւններուն համար (որոնք այս նոյն յօդուածով երկարաձգուած են մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2018 թուական…), պայմանաւ որ կեանքի սղութեան ցուցանիշին համեմատ միաժամանակ յաւելում կրեն նաեւ աշխատավարձերը:

Հոս հարց կու տանք: Ինչո՞ւ արդեօք իր յօդ. 38-րդին մէջ այս սեւ օրինագիծը խտրութիւն կը դնէ բնակելի վայրերու եւ առեւտրական վայրերու պայմանագրութեանց միջեւ` երկարաձգելով այս վերջինները մինչեւ 2018 թուական, եւ սակայն, միաժամանակ, ազատականացնելով բնակելի վայրերու պայմանագրութիւնները…

Առեւտրական վայրերու պայմանագրութիւններուն երկարաձգումը բանաւոր դարձնող բոլոր տուեալները աւելիով առկայ են բնակելի վայրերու պարագային, քանի որ բնակարանը շուկայի ապրանք չէ, դուրս կը մնայ առեւտուրի շուկայէն, եւ բնակարանի իրաւունքը գերիվեր է առեւտրական իրաւունքէն եւ ամենատարրական ու ամենակենսական պէտք մը, ամենաառաջնային անհրաժեշտութիւն մը` մարդկային կեանքին համար (ոչ անասնային ու ոչ քչուորական…): Ինչո՞ւ համար այս դասակարգային անսանձ ու կոպիտ խտրականութիւնը, որ լիովին անարդար է եւ վիրաւորական` քաղաքացիներուն համար, երբ առեւտրական վայրերու պարագաները նուազ ստիպողական են բնակելի վայրերու պարագաներէն, պարզ այն պատճառով, որ ի պահանջել հարկին գործատէրը կրնայ աշխատիլ ուրիշի մը մօտ… բայց աղքատ եկամտաւորը չի կրնար բնակիլ ուրիշի մը մօտ, նոյնիսկ` իր ազգականներուն մօտ, որոնք իրենց կարգին աղքատներ են կամ կրնան համարուիլ` կեանքի անտանելի սղութեան պատճառով:

Հետեւաբար քաղաքակիրթ պետութիւն մը, որ հոգածուն է իր աղքատ քաղաքացիներուն, որոնք բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կազմեն, պարտի մօտէն հսկելու բնակարանային վարձքերուն վրայ, եւ առաջին հերթին, Լիբանանի մէջ, պարտի վերակենդանացնել քունի մէջ պահուած բնակեցման նախարարութիւնը, որպէսզի այս վերջինը մշակէ բնակեցման համապարփակ ծրագիր մը, եւ առաջին հերթին` HLM-ներու օրինակով կառուցէ ժողովրդային բնակարաններ` պահպանելու համար իր քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը, որոնց մեծագոյն մասը բանուորներ են, մանր պաշտօնեաներ, արհեստաւորներ, գործազուրկներ, որոնք այս երկրին մէջ չեն օգտուիր գործազրկութեան թոշակներէ, ուրիշ երկիրներու նման, եւ` հանգստեան կոչուածներ, որոնց մեծամասնութիւնը չ՛օգտուիր հանգստեան թոշակներէ, ուրիշ երկիրներու նման, եւ որոնք կը կազմեն հին վարձակալներուն մեծամասնութիւնը:

Բնակարանազրկող այս սեւ օրինագիծին յօդ. 3-րդը կը խօսի «բնակարանային վարձքերու յատուկ սնտուկ»-ի մը մասին, որ ենթակայ է ելեւմտական (ֆինանսական) նախարարութեան, որուն անուանական նպատակն է` «օգնել» այս օրինագիծին ենթակայ այն վարձակալներուն, որոնց ամսական եկամուտի միջինը նուազ է քան նուազագոյն աշխատավարձի եռապատիկէն, ամբողջութեամբ կամ մասամբ միայն «օժանդակելով» վճարելու համար այս օրինագիծով սահմանուած յաւելումները` երկարաձգումի 9 տարիներուն համար, որոնց վերջաւորութեան կանգ կ՛առնէ այս «օգնութիւն»-ը… եւ աղքատ վարձակալը կը վտարուի իր բնակարանի «դրախտ»-էն… առանց հատուցումի, եթէ չկարողանայ վճարել նոր սակով վարձքը` իր ամսական միջին եկամուտին աննշանութեան պատճառով: Ասիկա կը նշանակէ, որ «սնտուկ»-ը, երկարաձգումի 9 տարիներուն տեւողութեան, կը խաղայ պարզապէս թմրեցուցիչի դեր մը, որպէսզի վարձակալը առանց առարկելու յօժարի վճարելու սահմանուած յաւելումները, եւ միւս կողմէ` կալուածատէրը կարենայ ամբողջութեամբ ստանալ ծանր յաւելումներուն գումարը… պետական պիւտճէի հաշուոյն: Այսինքն փաստօրէն «սնտուկ»-ին ենթադրեալ «օգնութիւն»-ը հետագային վարձակալը պիտի վերադարձնէ պետական սնտուկին` պետական պիւտճէին պարտադրելիք անուղղակի տուրքերուն ճամբով: Ուրեմն, վերջին հաշուով, օրինագիծին սահմանած «օգնութիւն»-ը պիտի երթայ կալուածատիրոջ եւ ոչ թէ` վարձակալին: Այս է ահա՛ խաղին օրէնքը Լիբանանի ազատ տնտեսութեան համակարգին մէջ:

Այս սեւ օրինագիծին յօդ. 7-րդը յաւելումներու գործադրութիւնը տնօրինելու իրաւասութիւնն ու լիազօրութիւնը կու տայ «յատուկ յանձնախումբ»-ի մը, որուն անդամները կը նշանակուին կառավարական (գործադիր իշխանութեան) հրամանագրով, եւ… կը ստանայ դատաստանական հանգամանք... առանց ենթակայ ըլլալու դատաստանական իշխանութեան: Աւելի արտառոցը այն է, որ յօդ. 13-րդը այս «յատուկ յանձնախումբ»-ին կայացուցած որոշումները կը նկատէ վերջնական վճիռներ, որոնք ենթակայ չեն ո՛չ առարկութեան, ո՛չ վերաքննութեան եւ ո՛չ ալ վճռաբեկումի, որոնք քաղաքային դատավարական կանոնին պայմաններն են: Ուրեմն, հոս կան օրէնքի երկու խախտումներ: Առաջինը` յօդ. 7-րդի սահմանադրական խախտումն է, երբ կառավարական հրամանագրով կը նշանակուին «յատուկ յանձնախումբ»-ին անդամները եւ կը ստանան դատաստանական հանգամանք` առանց ենթակայ ըլլալու դատաստանական իշխանութեան գէթ վերահսկողութեան, ինչ որ կոպիտ խախտում մըն է երեք իշխանութիւններու օրէնսդիր, գործադիր եւ դատաստանական, իրարմէ անկախութեան սահմանադրական հիմնական սկզբունքին, որ նուիրագործուած է եւ ամրագրուած` Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ: Փաստօրէն յօդ. 7-րդը կ՛արտօնէ օրէնսդիր իշխանութեան` դատաստանական իշխանութեան իրաւասութիւններէն մաս մը յափշտակելու եւ զայն գործադիր իշխանութեան փոխանցելու: Իսկ երկրորդը` յօդ. 13-րդի գործած խախտումն է` քաղաքային դատավարական կանոնին մէջ ամրագրուած` առնուազն երկու աստիճանի դատավարութեան սկզբունքին, երբ «յատուկ յանձնախումբ»-ի որոշումներուն կու տայ վերջնական վճիռներու ուժ… որ տրուած չէ պետական օրինական դատարաններու որոշումներուն, որոնք ենթակայ են առարկութեան, վերաքննութեան եւ վճռաբեկումի: Եւ մենք մօտիկ անցեալին փորձեցինք Սոլիտերի «յատուկ դատարան»-ները, որոնց «դատաւոր»-ները իրենց կաշառք-պատուեգինը կը ստանային Սոլիտերի ընկերութենէն: Մենք լաւ կը յիշենք այդ «դատարան»-ին կայացուցած անարդար որոշումներուն եղերական ու աղէտալի հետեւանքները` առեւտրական շուկաներու շրջանին մէջ իրաւունքներ ունեցող քաղաքացիներուն վրայ, որոնցմէ ոմանք մահացան սրտի կաթուածով, իսկ միւսներէն շատեր մինչեւ օրս կը հետապնդեն իրենց գողցուած իրաւունքը…

Բնակարանազրկող այս սեւ օրինագիծի չարիքներուն աղբիւրը անոր յօդ. 15-րդն է, որ 23 յուլիս 1992-էն առաջ կնքուած վարձակալական պայմանագրութիւնները անուանապէս «կ՛երկարաձգէ» 9 տարիով, պայմանաւ որ վարձակալը յանձն առնէ վճարել նոր սակով ամբողջ բարձրացուած վարձքը` աստիճանաբար, 9 տարիներու երկայնքին, հետեւեալ եղանակով.

ա- Նոր սակով բարձրացուած վարձքին գումարը (որ յօդ. 20-րդի համաձայն պէտք է ըլլայ յարկաբաժինին այսօրուան ծախու գինին 5%-ը) յանձն առնել վճարել յօժար կամքով կամ «յանձնախումբ»-ին որոշումով, որ իր որոշած սակը կը հիմնաւորէ փորձագէտներու տեղեկագրերուն արդիւնքով:

բ- Վարձակալին պարտադրուող նոր սակով վարձքը (պետել միսըլ) ամէն տարի յաւելում կը կրէ հետեւեալ համեմատութիւններով.

1.- Երկարաձգումի առաջին չորս տարիներուն տեւողութեան նախկին վարձքին գումարին վրայ կ՛աւելնայ նախկինին եւ նոր սակով բարձրացուած վարձքին միջեւ տարբերութեան 15%-ի չափով յաւելումի գումարը, յաջորդաբար եւ իւրաքանչիւր տարի (ամէն տարի): Այսինքն չորրորդ տարին նախկինին վրայ աւելցուած կ՛ըլլայ նոր սակով բարձրացուած վարձքին ու նախկինին միջեւ տարբերութեան 60%-ը:

2.- Երկարաձգումի 5-րդ եւ 6-րդ տարիներուն յաջորդաբար եւ ամէն տարի կը շարունակուի տարեկան յաւելումը` 20%-ի չափով, այսինքն, 6-րդ տարուան վարձքը` հինին ու նորին միջեւ տարբերութեան 40%-ի յաւելումով, հասած կ՛ըլլայ տարբերութեան 100%-ին, այսինքն` նոր սակով բարձրացուած վարձքի գումարին:

3.- Երկարաձգումի մնացեալ երեք տարիներուն համար նոր սակով բարձրացուած վարձքը կը մնայ նոյնը:

4.- Սակայն երկարաձգումի 9-րդ տարուան աւարտին յարկաբաժինին նորագոյն վարձքը կ՛ազատականանայ… եւ վարձակալը կա՛մ կը հեռանայ իր յարկաբաժինէն եւ կա՛մ կը յօժարի վճարել կալուածատիրոջ ուզած վարձքը, եւ եթէ չհեռանայ յարկաբաժինէն ու մերժէ կալուածատիրոջ պահանջած նորագոյն վարձքը… «յանձնախումբ»-ին որոշումով բռնի կը վտարուի… եւ… առանց որեւէ հատուցումի…

Ուրեմն, յօդ. 3-րդի նշած «սնտուկ»-ը 9-րդ տարուան վերջաւորութեան կը դադրի տարբերութիւնները վճարելէ պետական պիւտճէի հաշուոյն, երբ երկարաձգումի 9 տարիներուն ընթացքին խաղցած էր «թմրեցուցիչ»-ի դերը, եւ հիմա վարձակալը լքուած է իր անորոշ ճակատագրին` առանց հատուցումի, քանի որ բացայայտ է, թէ վարձակալը անցնող 9 տարիներու ընթացքին կարողացած պիտի չըլլայ իր ամսական միջին եկամուտը աւելցուցած ըլլալու այնքան մը, որ կարողանայ վճարելու կալուածատիրոջ պահանջելիք նորագոյն վարձքին մեծկակ գումարը… երկրի ծանր պայմաններուն բերումով:

Աւելի՛ն. «թմրեցուցիչ» երկարաձգումի առաջին տարիներուն իսկ օրինագիծը նախատեսած է յօդ. 22-րդի չարիքը, ըստ որուն, կալուածատէրը իրաւունքը ունի վերստանալու իր յարկաբաժինը (իսթիրտատ)` պատրուակելով, թէ կայ «ընտանեկան անհրաժեշտութիւն»-ը (տարուրա ա՛իլիյէ) վերստանալու իր յարկաբաժինը, կամ` թէ կ՛ուզէ «փլցնել» (հատըմ) իր շէնքը եւ նոր շէնք մը կառուցել… Այս պարագաներուն միայն կալուածատէրը պարտի աննշան հատուցումը վճարել վարձակալին: Այսպէս, երկարաձգումի առաջին տարուան մէջ կալուածատէրը պարտի վարձակալին վճարել միայն 4 տարուան նոր սակով վարձքին գումարը, եթէ վերստացումին պատրուակը «ընտանեկան անհրաժեշտութիւն»-ն է, եւ` միայն 6 տարուան նոր սակով վարձքին գումարը, եթէ վերստացումի պատրուակը «փլցնել»-ն է շէնքը: Այս գումարը յաջորդաբար կը նուազի երկարաձգումի իրերայաջորդ տարիներուն, եւ վերջին երեք տարիներուն կ՛իջնէ 5 ամսուան նոր սակով վարձքի  գումարին, եթէ պատրուակը «ընտանեկան անհրաժեշտութիւն»-ն է, եւ` 8 ամսուան նոր սակով վարձքի գումարին… եթէ նպատակը շէնքին փլցուիլն է:

Աւելի՛ն. եթէ յարկաբաժինին պայմանագրութիւնը կնքուած է վարձակալական թիւ 29/67 օրէնքին կամ թիւ 10/74 օրէնքին տակ (որոնք իրարմէ կը զատորոշէին սովորական եւ պերճանքի (ֆախմէ) նկատուած շէնքերուն եւ յարկաբաժիններուն միջեւ) եւ խնդրոյ առարկայ շէնքը կամ յարկաբաժինը պերճանքի կը նկատուէր այդ  օրերուն… Վերոյիշեալ հատուցումի գումարները կը նուազին 50 տոկոսով: Յայտնօրէն սեւ օրինագիծին այս յօդ. 22-րդը դասակարգային խտրութիւն մը կը դնէ ի նպաստ մեծ կալուածատէրերու եւ մեծ ֆինանսատէրերու դասակարգին, եւ ի վնաս` վարձակալներու եւ մանր կալուածատէրերու դասակարգերուն, ինչ որ լայն բացած է  մեծ կալուածատէրերու եւ մեծ ֆինանսատէրերու ախորժակը` օգտուելու այս սեւ օրինագիծէն` վայրկեան առաջ… չարաշահելով վերստացումի (իսթիրտատ) պատրուակը, գնելու մանր կալուածատէրերու շէնքերը, անոնց փոխարէն` կառուցելու համար երկնաքեր շէնքեր, մեծ քաղաքներէն դուրս վտարելով աղքատ վարձակալները, պատճառ դառնալով ժողովրդագարական մեծ տեղաշարժերու երկրին մէջ: (Այս երեւոյթին անդրադարձած էր նոյնիսկ աջակողմեան «Նահար» օրաթերթը իր 15 հոկտեմբեր 2012 թուակիր համարին մէջ, Հայսամ Աժամիի գրութեան մէջ զետեղելով ծովափնեայ երկնաքերներու լուսանկարը, որուն տակ թերթին խմբագիրը գրած էր` «վարձակալական պայմանագրերու երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ վարձակալները կը ցանկան իրենց արդարութիւն ընող եւ զիրենք չբնակարանազրկող օրէնք մը, մինչ կալուածատէրերը կը հետապնդեն բնակելի վայրերը վերստանալու նպատակը»):

Ակնբախ իրողութիւն է, որ մեր երեսփոխանները շատ մեծ շուտիկութեամբ որոշած են ազատականացնել բնակելի վայրերու վարձակալական պայմանագրութիւնները, փոխանակ` նախ եւ առաջ վերականգնելու մոռացուած բնակեցումի նախարարութիւնը եւ առաւել զարգացնելու ատոր աշխատանքի ծրագիրը` ներկայի ծանրակշիռ պայմաններու լոյսին տակ: Եւ նախքան` բնակեցումի համապարփակ ծրագիր մը մշակելու պարտականութիւնը կատարելը: Նախքան HLM օրինակով ժողովրդային բնակարաններ կառուցելու ծրագրի մը մշակումը: Նոյնիսկ` նախքան իրենց իսկ պատրաստած սեւ օրինագիծին գործադրութեան համար անհրաժեշտ հրամանագրերու սեւագրութիւնները պատրաստած ըլլլալու. հրամանագրեր, զորս անհրաժեշտ գտած են յօդ. 57-րդին մէջ…

Եւ մեր երեսփոխանները իրենք իրենց բերնով խոստովանած են իրենց շուտիկութիւնը սեւ օրինագիծի վերջին յօդ. 58-րդին մէջ, որ կ՛ըսէ. «Այս օրինագիծը գործելու կը սկսի պետական պաշտօնաթերթին մէջ ասոր հրատարակութենէն վեց ամիսներ վերջ...»: Ուրեմն մենք շնորհակալ ենք, որ անոնք մեզի տուած են յաւելեալ վեց ամիսներու պայմանաժամ մը, որպէսզի մենք յաւելեալ ժամանակ ունենանք բողոքարկելու այս սեւ օրինագիծին դէմ` որպէս հակասահմանադրական օրինագիծ, Սահմանադրական խորհուրդի բարձրագոյն ատեանին առջեւ:

Վերջապէս, բայց` ոչ վերջին կարգով, մենք կը ձայնակցինք այն առաջարկին, զոր ներկայացուցած է «վարձակալներուն նեցուկ կանգնող յանձնախումբ»-ին  նախագահը` Անթուան Քարամ, որուն նպատակն է վերակենդանացնել խոր քունի մէջ մնացող բնակեցումի նախարարութիւնը եւ կատարելագործել զայն ներկայի արտակարգ պայմաններուն լոյսին տակ, որպէսզի պետութիւնը ի՛նք ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` յաչս սակաւ եկամտաւոր քաղաքացիներուն եւ լուծէ արմատականօրէն, Լիբանանի մէջ բնակեցման քրոնիք եւ կնճռոտ խնդիրը` նկատի առնելով նորերս առաւել վատթարացած պայմանները երկրին մէջ, եւ անմիջականօրէն ձեռնարկէ ժողովրդային բնակարաններու կառուցումին` հետեւելով յառաջդիմած եւ քաղաքակիրթ երկիրներու օրինակին: Հարց կու տանք` մենք իրօ՞ք կը փափաքինք կերտել քաղաքակիրթ պետութիւն, թէ՞ պիտի շարունակենք լուռ մնալ մեզի վիճակուած եղերական ու բարբարոսային պայմաններուն հանդէպ, որոնք առկայ են բոլոր մարզերուն մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES