Հազար Հոգի Իրենց Մասնակցութեամբ Նեցուկ Կանգնեցան Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկին

Կիրակի, հոկտեմբեր 28-ին, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մեծ սրահը լեցուն էր Հայ դատի հազար համակիրներով, որոնք եկած էին մասնակցելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին եւ միասնաբար տօնելու յանձնախումբին նախորդ տարեշրջանի իրագործումները ու մեծարելու Հայ դատի պայքարին մէջ իրենց յատկանշական ներդրումը բերած անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբը, համաատենապետութեամբ Արշօ Պէյլերեանի ու Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեանի, ժրաջան աշխատանք տարած էր յաջողութեամբ պսակելու համար զայն: Ձեռնարկի բացումը կատարեցին համաատենապետները` շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն եւ դրուատելով Հայ դատի պայքարին անոնց նուիրումը:

Այս տարուան մեծարեալներէն էր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ, որուն վերապահուած էր «Ազատութիւն» մրցանակը: Զայն ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Յարութ Սասունեան, որ ցաւ յայտնեց, թէ ծերակուտականը ներկայ չէ կրցած ըլլալ, որովհետեւ ձեռնարկէն միայն երկու օր առաջ վիրաւորուած էր` Նեւատայի մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով:

Ծերակուտականին պատրաստած խօսքը ձեռնարկի մասնակիցներուն ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:

Յայտնենք, թէ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տպաւորիչ դրօշակներու արարողութենէն ետք, Կլենտէյլի երկրորդական պետական վարժարանի երգչախումբը նախապէս կատարած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները, մինչ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարած էր բացման աղօթքը` դրուատելով Հայ դատի յանձնախումբին տարած գործունէութիւնը:

Իր ելոյթին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց նախորդ տարեշրջանի Հայ դատի գործունէութեան եւ բոլոր իրագործումներուն մասին:

Հայութեան շահերը պաշտպանելու եւ ամերիկահայութիւնը քաղաքականապէս աւելի գործօն դարձնելու նպատակով, տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի վրայ Հայ դատի յանձնախումբին տարած զանազան աշխատանքներուն անդրադառնալէ ետք, Յովսէփեան ըսաւ. «Մեր պատգամը յստակ է ու մեր համոզումները` անսասան: Իբրեւ այս երկրի լիիրաւ ու գործօն քաղաքացիներ, մենք կը պահանջենք մեր կառավարութենէն, այո՛, կը պահանջենք եւ ոչ թէ կը խնդրենք, որ անտեսէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հաստատումը արգիլելու նպատակով` Թուրքիոյ կողմէ Ուաշինկթընի վրայ գործադրուած ճնշումը, որպէսզի ամերիկեան կառավարութիւնը յստակօրէն ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր զոհերուն վնասուց հատուցումներ ապահովելու իրաւունքը»:

Ապա ան կոչ ըրաւ բոլորին, որ գործնականօրէն մասնակից դառնան ու կամաւոր ներդրումներ ունենան` ժամանակով կամ նիւթապէս, յաճախ այցելելով ancawr.org կամ anca.org կայքերը, որպէսզի իրազեկ դառնան Հայ դատի վերջին զարգացումներուն, որովհետեւ` «դուք էք մեր ուժը, որուն դէմ անզօր են նիւթապէս մեզմէ շատ աւելի մեծ կարելիութիւններ ունեցող մեր թշնամիները: Սերմերը արդէն ցանուած են. ուրեմն` դէպի յառաջ»:

«Կեանքի իրագործումներ» մրցանակին արժանացած Ռուբինա Փիրումեանը ներկայացուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սեդօ Պոյաճեանի կողմէ: Փիրումեան իր խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այս պատիւին համար,  ըսաւ, թէ Հայ դատին համար պայքարիլը միշտ իր երակներուն մէջ եղած է եւ յայտարարեց, թէ կ՛ուզէ մրցանակը նուիրել իր հօրը, որ կեանքը զոհած էր իր գաղափարներուն համար, որոնց հաւատարիմ մնալու ի գին` Սիպերիոյ խորերը աքսորուած էր` իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի»:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Փաթիլ Աբոշեան ներկայացուց «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակին արժանացած վեր. Ճօ Մաթոսեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար, ինչպէս նաեւ` Հայ աւետարանական միութեան, որ առիթ ընծայած էր սպասարկելու հայութեան:

«Ժառանգութիւն» մրցանակին արժանացաւ բարերար եւ գործարար Վարանդ Մելքոնեանը, զոր ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Համբարեանը:

Ան նշեց, թէ Հայ դատը ոչ միայն կը պայքարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու վնասուց հատուցում ապահովելու նպատակին, այլ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի ու Սփիւռքի իւրաքանչիւր հայու իրաւունքներու պաշտպանն է:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Գասապեան ներկայացուց վիպագիր Քրիս Պոհջալեանը, որ արժանացաւ «Արուեստ եւ գիրեր» մրցանակին: Ան նմանապէս մեծ պատիւ նկատեց սոյն մրցանակը եւ նշեց, թէ իր մեծ հայրն ու մայրը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրելով` Միացեալ Նահանգներ հասած են, սակայն նախընտրած են իրենց պատմութիւնը իրենց հետ գերեզման տանիլ:

Հայ դատի պայքարին մէջ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելով` ձեռնարկի կազմակերպիչները նաեւ մրցանակներ յանձնեցին Հայ դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն: Զանոնք ներկայացնելու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ուիլիըմ Պայրամեան յայտարարեց, թէ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր է, եւ Հայ դատի իրագործումներէն շատերը անկարելի պիտի ըլլան` առանց երիտասարդութեան արժէքաւոր ներդրումին:

Share this Article
CATEGORIES