ՀՕՄ-ի Ատենապետին Այցելութիւնը Լոնտոն Եւ ՀՕՄ-ի Բրիտանիոյ Մասնաճիւղի 30-ամեակ

14 հոկտեմբեր, 2012-ին, Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը` մասնակցութեամբ 12 հոկտեմբերին Լոնտոն ժամանած Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանի եւ շարք մը հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժորժ Յովհաննէսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական Ա. Մարգարեան, որոնք իրենց շնորհաւորական խօսքն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեցին միութեան 30-ամեայ մասնաճիւղի վարչական կազմին ու ներկայ բոլոր ՀՕՄ-ուհիներուն: Ապա Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ հովիւ Ն. Ա. քհն. Ներսէսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով մասնաճիւղի վարչութեան, գովաբանեց ՀՕՄ-ուհիները, որոնք իրենց պարկեշտ ու խոնարհ ծառայութեամբ օգնութիւն կը հասցնեն հոն, ուր կարիքը կայ: Մասնաճիւղի ատենապետ Ժանեթ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նկարագրականը ըրաւ միաւորի աշխատանքներուն ու գնահատանքը արձանագրեց ամէն մէկ ՀՕՄ-ականի նուիրումին:

Վիգի Մարաշլեան` խօսքը ուղղելով այս ճոխ հիւրասիրութեան մասնակիցներուն, որոնց շարքին էին բազմաթիւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ականներ ու Բրիտանիոյ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի (ԲՀԵԽ) ատենապետ Ա. Փալամուտեան, շինիչ ու բանիմաց խօսքերով ներկայացուց ՀՕՄ-ի 100-ամեայ գործունէութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, ծանրանալով որբախնամ ծրագիրներու տարողութեան վրայ: Ան իր գնահատանքը արձանագրեց 30-ամեայ ՀՕՄ-ի միաւորին, որ ճիգ չի խնայեր ո՛չ միայն տեղական կարիքները բաւարարելու, այլ մասնակից է միութեան համահայկական բոլո՛ր ծրագիրներուն` հայրենի տարածքներէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու այլուր: Ատենապետուհիին խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 100-ամեակի տեսերիզը` հարուստ տեղեկութիւններով Հայ օգնութեան միութեան մասին:

Այս յիշատակելի երեկոյթին յաջորդ օրն իսկ, հոկտեմբեր 15-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ներկայ գտնուեցաւ «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ կայացած ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին բացառիկ անդամական ժողովին, ուր վարչութեան ատենապետը` Ժանեթ Մարտիրոսեան ՀՕՄ-ականներուն ներկայացուց Վիգի Մարաշլեանը` որ ըստ պատշաճի փոխանցեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը` տալով սպառիչ պատասխաններ` եղած զանազան հարցումներուն. ապա կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղը պարգեւատրուեցաւ յատուկ գնահատագրով մը` 20-ամեայ որբախնամ ծրագրին իր բերած յարատեւ ծառայութեան համար: Նոյն երեկոյթի ընթացքին մասնաճիւղի երկու ընկերուհիներ` Ժաքլին Գարանֆիլեան եւ Սաթենիկ Անտոնեան պարգեւատրուեցան 25-ամեայ ծառայութեան յատուկ կրծքանշաններով:

Կ՛արժէ նշել, որ հոկտեմբեր 16-ին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներու ընկերակցութեամբ, այցելեց առողջական պատճառներով միութենական գործօն աշխատանքէ դադրած երախտաշատ անդամներ Ռուբինա Պօղոսեանին եւ Յասմիկ Գասպարեանին:

Share this Article
CATEGORIES