Լուրեր Նիւ Եորքէն. Սան Ֆրանսիսքոյի «Արաքս» Պարախումբը Իր Եզակի Յայտագրով Հմայեց Նիւեորքահայութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Մեծագոյն Նիւ Եորքի մեր համայնքը թէեւ ունի իր չորս պարախումբերը, որոնք տարիներէ ի վեր կը հրամցնեն հայկական պարարուեստի լաւագոյն արտայայտութիւնները` յաճախ մրցելով իրարու հետ, կը բերեն որակ մը մեր մշակոյթի այդ բնագաւառէն ներս:  Կը հաւատանք Ամերիկայի որդեգրած մրցակցութեան ոգիին, որովհետեւ, մեր պարագային նոյնպէս, ի վերջոյ պիտի շահի մեր մշակոյթը:  Այս մէկը իր ազնուագոյն իմաստով կը գրենք, անկասկած. եթէ չես դիմանար մրցակցութեան, ապա քաշուէ բեմէն ու հրապարակէն:

Սակայն, այս բոլորը ըսելով մէկտեղ, հոկտեմբեր 20, շաբաթ օր երեկոյեան ներկայացուածը տարբեր էր միւսներէն ե՛ւ յայտագրով, ե՛ւ ընտրուած պարերով, մանաւանդ մենապարերու այն յաջորդականութեամբ, ուր մեր պարարուեստի լաւագոյն ոճային ձեւերը ընդելուզուած էին Արեւմուտքի պալէի եւ երբեմն ալ Արեւելքի ժողովուրդներու գեղեցիկ համակեցութեամբ, որ երբեք արգելք չէր ըլլար  գերազանցապէս հաղորդուելու դարձեալ «հայկական պար» հասկացողութեամբ:

Պարուսոյցը` Նոյեմի Արաքսի խնամքով ձեւաւորած ու գծած պարերը համբերութեամբ կրցած էր սորվեցնել իր խումբի շնորհալի տասը երիտասարդուհիներուն եւ երկու երիտասարդներուն, որոնք կատարելագործուած կերպով կրցան զանոնք հրամցնել ներկաներուն:  Պիտի ըսենք` անսխալ, եթէ իրաւունքը տրուի արժեւորում մը ընել, գոնէ մեզի նման սիրողներուս կողմէ:

Նիւ Եորքի Համազգային վարչութեան եւ զայն գլխաւորող մեր բարեկամին` Արա Գաբրիէլեանը կրնանք շնորհաւորել նման ընտրութիւն մը ըրած ըլլալուն համար. ունենալու յանդգնութիւնը հեռաւոր Սան Ֆրանսիսքոյէն հրաւիրելու «Արաքս»-ը, որ այժմ որպէս անկախ պարախումբ կը գործէ: Հոկտեմբերի մշակոյթի այս ամսուն, երբ Նիւ Եորքի մէջ մեր միութիւնները զիրար հրմշտկող ու աննախադէպ առատութեամբ ձեռնարկներով հրապարակ ելած են:

Ելոյթը տեղի ունեցաւ Էլմհըրսթի (Նիւ Եորք) Ուոլթըր Հ. Քրոլի միջնակարգ վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:  Խումբը արժանի էր աւելի ներկայանալի սրահի մը անկասկած, ուր կար ձայնային սարքաւորումներու եւ բեմական լոյսերու անբաւարարութիւն: Հանդիսատեսը պէտք էր տարբեր սրահի մը մէջ աւելիով ըմբոշխնէր հրամցուած յայտագիրը:  Դժբախտաբար դպրոցական հանդէսի մը երեւոյթով ներկայանալը անարդարութիւն պիտի ըլլար արհեստավարժ մակարդակի հասնող «Արաքս»-ին համար:  Այս` որպէս նկատողութիւն:

Յայտագիրը ունէր երկու բաժին, եւ իւրաքանչիւր բաժնի սկիզբը կը մասնակցէր Նիւ Ճըրզիի Համազգային «Արեգակ» պատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Վաղարշակ Օհանեանի:  Անցնող քանի մը տարիներուն մեր բեմերուն վրայ այս պատանիներուն մասնակցութիւնը կը ներշնչէ յոյս, որ տակաւին մեր երգարուեստը պիտի ունենայ շարունակականութիւն:  Տամատեանի «Տալւորիկ» ժողովրդային երգը, անգամ մը եւս լսելով, հայրենասիրական նոր ապրումներով դարձեալ գնահատեցինք այդ պատանիներուն ունեցած ոգին, որ կը փոխանցուէր ներկաներէն իւրաքանչիւրին:

Խմբային պարերը, թիւով չորս, սակայն, կը հաստատեն, որ պարուսոյցը նո՛յնքան տաղանդաւոր է, որքան մենապարերու ներկայացմամբ:

Հայկական երգերու վրայ յօրինուած պարերը եւս նորութիւն մը եղան մեզի համար: Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեամբ քանի մը երգեր, նաեւ` Սմբատ Բիւրատի, Արա Գէորգեանի, Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի երգերուն վրայ մենապարերը գրաւիչ էին:  Միւս կողմէ, Վիթթորօ Մոնթինիի «Գնչուները» պարը (Աննաթ Խորէն եւ Լիլիթ Մարկոսեան) արժանացան ջերմ ծափերու:

Կ՛արժէ իւրաքանչիւր պարի համար գրել պարբերութիւն մը, սակայն թերթի սիւնակները անբաւարար պիտի ըլլան` անդրադառնալու համար ամէն մէկուն:  Կ՛արժէ յիշատակել գոնէ անունները մասնակիցներուն. Էտուար Պարսումեան, Էլիզապէթ Կրեսոն, Լենա Տաքեսեան, Աննաթ Խորէն, Թոմաս Քոշի, Նայիրի Գույումճեան, Լիլիթ Մարկոսեան, Նարէ Մկրտիչեան, Մանէ Մինասեան, Սաթենիկ Յարութիւնեան, Ելենա Տէր Սարգսեան. անուններէն կրնանք կռահել, որ մեծամասնութեամբ Հայաստանէն Սան Ֆրանսիսքօ արտագաղթած տաղանդաւոր երիտասարդուհիներ են անոնք:

Երեկոն նուիրուած էր մեր անմոռանալի ընկերոջ` գրող, խմբագիր, հասարակական գործիչ, վերջերս մահացած Արիս Սեւակի պայծառ յիշատակին եւ իր թարգմանչական գործունէութեան 45-ամեակին: Խորին յարգանք` մեր վաղեմի բարեկամին վաստակին եւ կը խոնարհինք անոր թարգմանական գրականութեան առաջ:  Անոր կինը` Աստղիկ Սեւակ, իր կարելին ըրած էր յարգանքի բաժինը ամուսնոյն` Արիսին ներկայացնելու բարձրորակ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES