Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ոճրագործներու եւ ապօրինի զէնք կրողներու հետ երկխօսութիւն կը մերժեն կատարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Թեհրան կը շարունակէ զօրակցիլ իսլամներուն եւ պաղեստինեան դատին միջեւ գործակցութեան ու միասնականութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ռամզի Քանժ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութիւնը տապալելու ջանքերը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 900 լ. ոսկիով, իսկ կազի թիթեղին սակը յաւելում արձանագրած` 400 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ իր դէմ սպառնալիքը առաջինը չէ` աւելցնելով, որ ինք անծանօթի դէմ դատական հարց յարուցած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ քաղաքական հոսանքի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ միայն Հըզպալլան չէ, որ կառչած կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան, այլ` նաեւ ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին դիմադրող երկիրները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Հըզպալլա կազմած է այս կառավարութիւնը, որպէսզի անիկա իր զէնքերը եւ սուրիական վարչակարգը պաշտպանէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին հրաժարելու իր պաշտօնէն` իբրեւ յանձնառութիւն Լիբանանի արժանապատուութեան եւ ապահովական կայունութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, «Սթաթիսթիքս Լեպանոն» վիճակագրութեան ընկերութիւնը կատարած է հարցախոյզ մը, որուն հիման վրայ ի յայտ եկած է, թէ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքը Հըզպալլայի զէնքէն չի վախնար:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, համաձայնութիւն գոյացած է, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգուի մինչեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանի աւարտը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն փափաքն է պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը քանդել եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի ծրագիրները քննարկելու պարտաւորութիւններէն խուսափիլ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան դատապարտեց Պահրէյնի պայթումներուն յանցանքով իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնները:

