Թրքական Ընկերութիւնը Իրաքի Մէջ Քարիւղի Արդիւնաբերութեան Մարզէն Հեռացուած Է
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրաքի կառավարութեան ներկայացուցիչը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ երկրին հարաւը քարիւղի արդիւնաբերութեան մարզէն հեռացուած է թրքական ԹՓԱՕ ընկերութիւնը:
Իրաքի կառավարութեան բանբեր Ապտուլ Մեհտի Ամիտի յայտարարած է, որ 2012-ի մայիսին «Քուէյթ Էնըրճի», ԹՓԱՕ եւ «Տրակըն օյլ» ընկերութեանց միջեւ կնքուած միջազգային ընկերակցութեան համաձայնագիրէն հեռացուած է թրքական ԹՓԱՕ ընկերութիւնը:
Միջազգային ընկերակցութենէն թրքական ընկերութեան հեռացումէն ետք բաժնետոմսերուն 70 առ հարիւրը կը մնայ «Քուէյթ Էնըրճի» ընկերութեան, իսկ 30 առ հարիւրը` «Տրակըն օյլ»-ի:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ թրքական ընկերութեան հեռացման պատճառները ի՛նչ են:
CATEGORIES Միջազգային

