Օպամա Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վերընտրուեցաւ

Յաղթական Օպամա կ՛ողջունէ Դեմոկրատական կուսակցութեան համակիրները

Պարաք Օպամա երկրորդ եւ վերջին նստաշրջանի մը համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ` պարտութեան մատնելով իր հանրապետական մրցակից Միթ Ռոմնին:

Օպամա իր յաղթանակի յայտարարութենէն ետք համակիրներու առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռոմնիի հետ պիտի խօսի, թէ «երկիրը յառաջ մղելու համար ո՛ւր կրնանք միասնաբար գործել»: Ան իր մրցակիցներուն մարտահրաւէր ուղղեց` անոնց կոչ ուղղելով իրեն հետ աշխատելու:

Օպամա յաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել, հակառակ տնտեսական կացութեան նկատմամբ դժգոհութեան եւ իր մրցակիցին մղած բուռն պայքարին:

Անոր դեմոկրատական կուսակիցները պահեցին 2007-էն ի վեր Ծերակոյտին մէջ ունեցած իրենց մեծամասնութիւնը, իսկ Հանրապետական կուսակցութիւնը պահեց Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր մեծամասնութիւնը, իրողութիւն մը, որ կրնայ պատճառ դառնալ, որ Օպամայի առաջին նստաշրջանին ստեղծուած անել կացութիւնը կրկնուի: Օրին նախագահն ու Ներկայացուցիչներու տունը օրէնսդրական աշխատանքներու մեծամասնութեան մէջ իրարու հակադրուեցան:

Օպամա իր արտասանած խօսքին մէջ Ռոմնին եւ փոխնախագահութեան հանրապետական թեկնածու Փոլ Ռայընը շնորհաւորեց անոնց մղած բուռն ընտրապայքարին համար: «Նախընտրական պայքարը շատ լարուած էր այն պատճառով, որ մենք երկուքս ալ շատ կը սիրենք մեր հայրենիքը», նշեց ան:

Ան ըսաւ, որ ինք Սպիտակ տուն կը վերադառնայ «աւելի վճռակամ, եւ անհրաժեշտ աշխատանքը կատարելու համար աւելի ներշնչուած կերպով, քան երբեք»:

Օպամա խոստացաւ Քոնկրեսին մէջ հանրապետական ղեկավարներու հետ աշխատիլ` նուազեցնելու համար կառավարութեան պիւտճէական բացը, լուծելու համար տուրքերու խնդիրը, բարեփոխումի ենթարկելու համար ներգաղթի համակարգը, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան քարիւղէն Միացեալ Նահանգներու կախեալութիւնը նուազեցնելու: «Մենք ամերիկեան ընտանիք մըն ենք եւ միասնաբար վերելք կամ անկում կ՛ապրինք իբրեւ մէկ ազգ: Ես հոգւոյս խորքին մէջ կը գիտակցիմ, որ Ամերիկայի լաւագոյն օրերը տակաւին առջեւն են», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ռոմնի ընդունեց իր պարտութիւնը եւ դժուարութեան մէջ եղող ամերիկեան տնտեսութեան ակնարկելով յայտնեց, որ ներկայիս հատուածական վէճերու կամ քաղաքական հաշիւներու ատենը չէ եւ թէ հանրապետականներն ու դեմոկրատականները «մարդիկը քաղաքականութենէն առաջ դասեն»:

 

Share this Article
CATEGORIES