«Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատումը Կարելի Կ՛Ըլլար, Եթէ Միջազգային Դէտերու Պատուիրակութիւնը Այդտեղ Մնար» Կ՛ըսէ Չուրքին

Վիթալի Չուրքին

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատումը կարելի պիտի ըլլար, եթէ միջազգային դէտերու պատուիրակութիւնը այդտեղ մնար:

Ան նշեց, որ ընդդիմադիր շարք մը զինեալ խմբաւորումներ ականջ չտուին Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի` Ատհայի տօնի օրերուն զինադադար հաստատելու կոչին եւ այդ պատճառով ալ անոր առաջարկած զինադադարը տապալեցաւ: «Այս առումով անգամ մը եւս ցաւ յայտնեցինք միջազգային դէտերու առաքելութեան ժամկէտը չերկարաձգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներու աճապարուած որոշումին համար», ըսաւ ան:

Չուրքին հաստատեց, որ Նիւ Եորքի մէջ Սուրիոյ հարցով աշխատանքային խմբակի ժողով մը գումարելու ռուսական առաջարկը սեղանին վրայ կը մնայ:

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսոր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին պաշտօնական բողոքագիր մը ներկայացուց` քննադատելով սուրիական հրասայլերու Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ապազինեալ գօտի մուտք գործելը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերու վրայ հրացանաձգումը:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «այդ զարգացումները շրջանին մէջ կայունութեան վնաս պատճառելու կը ծառայեն»:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը վերջերս արտօնած է սուրիական ընդդիմութեան մարտական ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ ունենալը: Նախապէս միայն քաղաքական դէմքերու հետ հանդիպումները արտօնուած էին: Ան շեշտեց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ Բրիտանիա պատրաստ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու համար զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգէն անջատուած նախկին վարչապետ Ռիատ Հիժապի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հանդիպումը անջատուելէ ետք Հիժապի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին շարունակութիւնն է` նշելով, որ քննարկումները կեդրոնացած են սուրիական ընդդիմութիւնը միաւորելու ձգտող ջանքերուն վրայ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սուրիա վճռակամ կերպով դէմ պիտի կանգնի պաղեստինցիները Սուրիոյ իրադարձութեանց մէջ ներքաշելու ջանքերուն եւ կառչած պիտի մնայ անոնց հաստատ իրաւունքներուն` նախ եւ առաջ տունդարձի իրաւունքին:

Նշենք, որ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակը երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահական պալատը ռմբակոծած է, իսկ սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը հերքեց լուրը:

 

Share this Article
CATEGORIES