«Ռուսիա Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Վերադարձնել Սուրիական Օդանաւէն Բռնագրաւուած Բեռը» Կ՛ըսէ Ռոկոզին
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւէն գրաւուած բեռի վերադարձին վերաբերեալ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները: «Բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են», ըսած է ան:
Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնած էր, որ Թուրքիա օդանաւէն գրաւուած բեռի վերադարձի ժամկէտներուն վերաբերեալ տակաւին չէ կողմնորոշուած:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշած էր, որ Սուրիական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւին մէջ եղած է բեռ մը, որ «օրինական ռուսական մատակարարը կը տեղափոխէր օրինական կերպով օրինական պատուիրատուին»:
Թուրքիա աւելի ուշ ընդունեց բեռի օրինականութիւնը, սակայն կը շարունակէր ատոր փաստաթղթային ձեւակերպման մէջ պահանջներ ներկայացնել:
23 հոկտեմբերին Լաւրով յայտարարած էր, որ Ռուսիա Թուրքիայէն հրապարակային հաստատումի կը սպասէ, որ Անգարայի մէջ էջք կատարելու պարտադրուած սուրիական օդանաւին մէջ որեւէ զէնք կամ զինամթերք չէ եղած:

