Պոլսոյ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ «Մաւի Մարմարա»-ի Դէմ Յարձակում Գործած Իսրայէլացի Զինուորները 18 Հազար Տարի Բանտարկել
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ 31 մայիս 2010-ին «Խաղաղութեան նաւատորմիղ»-ին եւ մասնաւորաբար «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ յարձակումին մասնակից իսրայէլացի զինուորները 18 հազար տարի բանտարկութեան դատապարտել:
Ըստ «Անատոլուի»-ի, դատական հոլովոյթը սկսած է երեքշաբթի օր` Պոլսոյ քրէական դատարանին մէջ: Նիստերը կ՛ընթանան ի բացակայութեան մեղադրեալներուն, որոնք են` իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Կապի Աշքենազի, ծովուժի հրամանատար Էլիզեր Մարմոն, հետախուզութեան ղեկավար Ամոս Եատլին եւ օդուժի հետախուզութեան պետ Աւիշայ Լեւի:
Դատախազութիւնը անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար խիստ հսկողութեան բանտին մէջ պատիժ կրելու պայմանով` նուազագոյնը 9 անգամ ցկեանս բանտարկութիւն կը պահանջէ:
Դատական նիստերուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ վկաներ, անոնց շարքին են ամերիկեան բանակի պահեստի զօրքի գնդապետ եւ դիւանագէտ Մերի Էնն Ռայթ, որ 31 մայիս 2010-ին գտնուած է «Մաւի Մարմարա»-ի ետեւէն ընթացող «Չելենճըր-1» նաւուն վրայ: Ան նկարագրած է իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերուն կատարած բռնութիւնները. այդ ուժերը տարբեր տիպի յատուկ միջոցներ կիրարկած են, ներառեալ` ելեկտրական ցնցում պատճառող զէնքեր, եւ ուղեւորները գնդակոծած են ներկող գնդակներով:
«Անոնք երկու կիներ երեսնին վրայ կոտրուած ապակիի վրայ դրին, որմէ ետք անոնց ձեռքերը կապեցին, գլուխներուն պարկեր անցուցին եւ տարին», պատմած է Ռայթ:
Նիստերու ժամանակ այլ վկաներ յայտարարած են, որ «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերը ուղեւորներուն վրայ կրակ բացած են:

