Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ Դամասկոսի շրջաններուն մեծ մասը երէկ ականատես դարձաւ բռնութեան արարքներու, ինչպէս նաեւ կառավարական ուժերու եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ բախումներու, որոնք տեղի ունեցան մայրաքաղաքի խաղաղ թաղամասերուն մէջ, որոնք ճանչցուած են իրենց կառավարամէտ բնակչութեամբ:

Պաշտօնական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ զինեալ ընդդիմադիրները թիրախ դարձուցած են Մազզէ 86 շրջանը եւ հրասանդի հրթիռներ արձակած են` պատճառելով բնակիչներու շարքին բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ոչ պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, զինեալ խմբակներ յարձակում գործած են Քաֆար Սուսէ շրջանին մէջ գտնուող վարչապետարանի շէնքին վրայ` արձակելով չորս հրասանդի հրթիռներ, որոնք նիւթական վնաս հասցուցած են:

Share this Article
CATEGORIES