100 Համերգ Ծրագիրի 21-րդը` Լիբանանի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց չորեքշաբթի, 7 նոյեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի հայոց թեմի Պուրճ Համուտի Առաջնորդարանին մէջ: Նիստին ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, 100-ամեակի պետական յանձնախումբի անդամ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ աշխարհահռչակ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան: Օրակարգի հիմնական կէտը կը վերաբերէր վաղը երեկոյեան Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք ֆիլհարմոնիք համերգին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Յիշենք, որ համերգը կը տեղադրուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող 100 համերգներու ընդհանուր ծրագիրին մէջ:

