Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան. «Ակնարկ Մը Կեանքէն» Րաֆֆի Ետալեանի 2-րդ Անհատական Ցուցահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ուրբաթ, 2 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Սայֆի Վիլեճ»-ի «Փիես Իւնիք» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանի անհատական գործերուն 2-րդ ցուցահանդէսի բացումը` «Ակնարկ մը կեանքէն» թեմայով:

Ետալեան ծանօթ անուն մըն է լիբանանահայ գաղութին մէջ: Ան 1992-էն սկսեալ մասնակցած է զանազան հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ տուած է 1 անհատական ցուցահանդէս: Ան հեղինակ է բազմաթիւ քանդակներու եւ պաստառներու: Անոր գործերը կը գտնուին Վատիկանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկին մէջ, ուր ցուցադրուած է մեծ պաստառ մը` «Վերապրող վկաներ» թեմայով: Ետալեան անդամ է Գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու լիբանանցի արուեստագէտներու ընկերակցութեան: Ան 2006-էն ի վեր կը դասաւանդէ արուեստ` Հայկազեան համալսարանին մէջ: Անոր վերջին գործն էր Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ Յակոբ Մեղապարտի քանդակը, որուն բացումը վերջերս կատարեց Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապը:

Ետալեան իր այս 2-րդ անհատական ցուցահանդէսին ներկայացած էր 5 պրոնզ քանդակներով եւ 32 արուեստի գործերով` զանազան չափի, իւղաներկ եւ աքրելիք:

Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ անդրադարձաւ Ետալեանի արուեստի 20-ամեայ ուղիին: Ան գնահատեց Ետալեանի արուեստը` զինք նկատելով տաղանդաւոր արուեստագէտ մը եւ ներկայացնելով գործերը` պաստառներն ու քանդակները, շեշտը դնելով Յակոբ Մեղապարտի քանդակին վրայ:

Նշենք, որ Րաֆֆի Ետալեանի ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 17 նոյեմբեր 2012:

 

 

Share this Article
CATEGORIES