Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` Կուրծքի Քաղցկեղի Արշաւին Առիթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին երէկ` չորեքշաբթի, 7 նոյեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կուրծքի քաղցկեղ»-ը նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ կուրծքի քաղցկեղի կանխանիշը նկատելիօրէն բարելաւուած է վերջին տարիներուն, յատկապէս 3 մարզերու մէջ`
1.- Կանուխ յայտնաբերում:
2.- Ճշգրիտ ախտաճանաչում:
3.- Մասնայատուկ եւ յուսադրիչ դարմանում:
Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ մեր մարմնին մէջ ընդհանրապէս բոլոր անդամները կրնան տառապիլ քաղցկեղէ, բացառութիւն կը կազմէ սիրտը: Հետաքրքրական է այս բոլորին մէջ յատուկ ուշադրութիւնը կուրծքի քաղցկեղի պարագային: Պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները.
Ա.- Այն զանգուածը, որ ենթակայ է հիւանդանալու կուրծքի քաղցկեղով: Կիներու պարագային համեմատութիւնը կուրծքի քաղցկեղի բաւական բարձր է` բաղդատած այր մարդոց, եւ կիներու 10-12 առ հարիւրը կեանքի ժամանակահատուած մը ունի, որուն ընթացքին անոնք կրնան տառապիլ կուրծքի քաղցկեղէ:
Բ.- Երբ տառապողներու համեմատութիւնը բաւական բարձր է, ասիկա կ՛ենթադրէ մեծ քանակութեամբ նիւթական ծախս:
Գ.- Ի տարբերութիւն այլ քաղցկեղներու, կուրծքի քաղցկեղէ տառապողներու թիւի բարձրանալու կարելիութիւնը կայ:
Դ.- Եթէ կանուխ ու ճիշդ բուժուի կուրծքի քաղցկեղը, լաւագոյն արդիւնքներու կը հասնին հիւանդները:
Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան բացատրեց այն հասկացողութիւնը, թէ երբ կը խօսինք այլ հիւանդութիւններու պատճառներուն մասին, ընդհանրապէս քաղցկեղի եւ յատկապէս կուրծքի քաղցկեղի պարագային պէտք է նկատի ունենանք վտանգ պատճառող ազդակները:
Յաջորդ բաժինով ան ներկայացուց վտանգ պատճառող գործօնները.
1.- Սեռ.- կին կամ տղամարդ ըլլալը, կիներու պարագային համեմատութիւնը շատ բարձր է:
2.- Տարիքը.- տարիքի յառաջացումով կուրծքի քաղցկեղի համեմատութիւնը աւելի կը բարձրանայ:
3.- Ընտանիքի պատմութիւնը.- առաջին կարգի ընտանեկան կապը համեմատութիւնը կը բարձրացնէ, երբ տուեալ ընտանիքի անդամները ունեցած են կուրծքի կամ այլ քաղցկեղի պարագաներ:
4.- Դաշտանասկիզբ.- համեմատութիւնը կրկին կը բարձրանայ, երբ դաշտանը կը սկսի համեմատաբար աւելի կանուխ տարիքի:
5.- Դաշտանադադար.- համեմատութիւնը կրկին անգամ կը բարձրանայ, երբ դաշտանադադարը կ՛ըլլայ աւելի ուշ տարիքի:
6.- Ծինային համակարգին մէջ որոշ փոփոխութիւն կամ խանգարում պատճառ կը դառնան քաղցկեղի յառաջացման:
Եթէ փորձենք բաղդատել կուրծքի քաղցկեղը թոքի քաղցկեղին հետ, երկուքին պարագային մարդ անհատը եւ մասնագէտները տարբեր միջոցներով կը նուազեցնեն համեմատութիւնը. կուրծքի քաղցկեղի պարագային, համեմատութիւնը նուազեցնելու մարդ անհատի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս մեծ ազդեցութիւն չունի:
Շարունակելով իր դասախօսութիւնը` տոքթ. Յակոբ Միսիսեան, մանրամասնօրէն բացատրեց կուրծքի, ինքնաքննութեան ձեւերը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը: Ինքնաքննութեան ընթացքին, երբ անիկա կը կատարուի հայելիին առջեւ, պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ նշանները.
ա.- Կուրծքի չափի, ձեւի փոփոխութիւնները:
բ.- Պտուկի գոյնի փոփոխութիւնը կամ կարմրիլը:
գ.- Պտուկի դէպի ներս քաշուիլը:
դ.- Երբ կուրծքը նարինջի կամ կիտրոնի մաշկի ձեւը ստանայ բորբոքային քաղցկեղի պարագային:
Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան շարունակեց դասախօսութիւնը` ներկայացնելով կուրծքի քաղցկեղի չորս աստիճանները:
ա.- Երբ ուռուցքը մօտաւորապէս 1 սանթիմեթրի սահմաններուն մէջ է, բուժման եւ ապաքինման կարելիութիւնը հարիւր առ հարիւր է:
բ.- Երբ ուռուցքը 2 սանթիմեթրի շուրջ է, այս պարագային տառապողներուն 95 առ հարիւրը 10 տարի եւ աւելի կարելի է ապրին:
գ.- Երբ ուռուցքը 4 սանթիմեթրի շուրջ է, ապրելու համեմատութիւնը կը նուազի` հասնելով 50 առ հարիւրի, եւ ենթական կ՛ապրի մօտաւորապէս 5 եւ աւելի տարիներ:
դ.- Երբ հիւանդութիւնը տարածուած է հասնելով մինչեւ թեւի ներքնամասը եւ արեան ճամբով հասած է մինչեւ ոսկորները, թոքերը, ուղեղը եւ այլն: Այս պարագային լաւագոյն բուժման պայմաններուն ներքեւ տառապողներուն 10-15 առ հարիւրը 5 տարի եւ աւելի կրնան ապրիլ:
Դասախօսը նաեւ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը մամոկրաՖիին` իբրեւ կուրծքի քաղցկեղի ախտաճանաչման հիմնական միջոցներէն մէկը, եւ կիները 40 տարեկանէն սկսեալ տարին մէկ անգամ պէտք է ենթարկուին այս քննութեան:
Վերջին բաժինով տոքթ. Յակոբ Միսիսեան յիշեց բուժման միջոցները.
1.- Գործողութիւն,
2.- ռատիոթերափի,
3.- Հորմոնային բուժում,
4.- Քիմիոթերափի
Աւարտին դասախօսը օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

