Սայաթ Նովայի Ծննդեան 300-ամեակ. «Նոր Սերունդի Անտարբերութեան Պատճառը Մենք Ենք, Որովհետեւ Չենք Յաջողած Իրենց Աշուղական Երգի Շունչը Փոխանցել: Մեսրոպեանի Դրական Օրինակը Հակառակին Լաւագոյն Ապացոյցն Է» Հաստատեց Գարմէն Աճեմեան
Այսօր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին: Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Մեսրոպեան վարժարանի նորաստեղծ «Հաւասի» աշուղական աշակերտական համոյթը, որուն գեղարուեստական պատասխանատուն է Գարմէն Աճեմեան: Խումբին եւ ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, ձեր սեփականութիւնը կը դարձնենք Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամ Կասիա Էճիտեանին կատարած հարցազրոյցը Գարմէն Աճեմեանին հետ:
ԿԱՍԻԱ ԷՃԻՏԵԱՆ.- Ի՞նչ նպատակներով ուզեցիք ստեղծել աշուղական-աշակերտական համոյթ մը: Եւ ինչո՞ւ աշուղական…
ԳԱՐՄԷՆ ԱՃԵՄԵԱՆ.- Նախ պիտի ուզեմ անդրադառնալ աշուղական գեղեցիկ երգարուեստին, որ մուտք գործած է մեր, ինչպէս նաեւ արաբ, վրացի եւ թուրք ժողովուրդներու կենցաղին մէջ, 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն: Աշուղական երգը ունի կախարդական յատկութիւն մը, որ կը յաջողի թափանցել մարդու հոգիին մէջ` երգելով սիրոյ, բնութեան ու հայրենիքի մասին: Աշուղը, որ արաբերէն կը նշանակէ սիրահար, այն ստեղծագործողն է, որ իր երգի բառն ու երաժշտութիւնը կը մեկնաբանէ երաժշտական գործիքի մը ընկերակցութեամբ, ինչպէս` սազ, քամանչա կամ թառ: Աշուղական արուեստը մեր մշակոյթին մէջ կարեւոր բաժին մըն է, որ իր մէջ ունի քնարերգութիւն, երաժշտութիւն, հեղինակային կատարում եւ նուագակցութիւն: Ահա թէ ինչու, այսպիսի հարուստ ժառանգութեան մը պահպանումը մեզի համար մտահոգութիւն է: Արժէք մը, որ պէտք է փոխանցուի նոր սերունդին` անոր մէջ սերմանելով այդ սէրը, որպէսզի իրեն հետ ծաղկի, մեծնայ, զարգանայ ու հարստանայ:
Կ. Է.- Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ սկսան ձեր աշխատանքները:
Գ. Ա.- Ուրախ եմ, որ աշակերտական այսպիսի խումբ մը ստեղծելու իմ առաջարկս մեծ սիրով ընդունելութիւն գտաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատուին կողմէ: Վերամուտի նախօրեակին, մենք սկսած էինք մեր փորձերուն: Մեծ անակնկալ էր ոգեւորութիւնը պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք իրենց արձակուրդը եւ այսօր իրենց յաւելեալ ժամերը մեծ հաճոյքով եւ հոգեկան գոհունակութեամբ կը տրամադրեն խումբին: Անոնք կը փորձեն գրախանութներէ աշուղական երգարան ապահովել, համացանցէն աշուղական երգեր որոնել, իրենց տուներէն սկաւառակներ բերել… Աւելի՛ն, կարգ մը ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները կը բերեն դպրոց, կ՛ուզեն մնալ ու ներկայ գտնուիլ աշխատանքներուն: Այս մթնոլորտը ամբողջովին քաջալերական է: Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ եթէ նոր սերունդին մօտ անտարբերութիւն կամ թերութիւն կայ, ապա պատճառը մենք ենք, որովհետեւ մենք չենք յաջողած իրենց այդ շունչը փոխանցել: Մեսրոպեան վարժարանի այս դրական օրինակը հակառակին լաւագոյն ապացոյցն է:
Կ. Է.- Ինչպէ՞ս կը կատարէք ձեր փորձերը:
Գ. Ա.– Կ՛ենթադրեմ, որ ճիշդ չէ մեր աշխատանքային հանդիպումները փորձ անուանել, այլ` երաժշտական-ընկերական հանդիպումներ, ուր համախմբուելով մենք կը մեկնաբանենք աշուղին խօսքը, կ՛ունկնդրենք երգը, կը զրուցենք: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ երգեցողութեան եղանակին մէջ կը փորձենք հետեւիլ մեծ վարպետներուն, ինչպէս` Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, Օֆելիա Համբարձումեանին, Վարդուհի Խաչատրեանին եւ Ռուբէն Մաթեւոսեանին, որպէսզի ճիշդ ձեւով կատարենք եւ չաղաւաղենք աշուղական երգը, որովհետեւ կը լսենք այնպիսի տարբերակներ, որոնք շեղում են, որոնք երբեմն նոյնիսկ կը քանդեն արժէքը… Տեղին է նաեւ անդրադառնալ Թովմաս Պօղոսեանի աշուղական երգարուեստի մէջ տարած մեծ աշխատանքին` իր «Սայաթ Նովա» համոյթով, որուն իւրաքանչիւր կատարումը ինքնին օրինակելի դաս մըն է: Ներկայիս մեր կեդրոնացումը անշուշտ Սայաթ Նովայի գոհարներուն վրայ է, որովհետեւ մենք այսօր պիտի նշենք Սայաթ Նովան, ուր պիտի հնչեն մեծանուն աշուղին տաղերը` երգով, նուագով եւ բանաստեղծութեամբ:
Կ. Է.- Ձեռնարկին գծով մանրամասնութիւններ կրնա՞ք փոխանցել:
Գ. Ա.- Այսօրուան հանդիսութիւնը աշուղական համոյթի անդրանիկ կատարումը պիտի ըլլայ: Ուրախ եմ, որ հանդիսութեան պատգամախօսը Զաքար Քէշիշեանն է, որ իր ներկայութեամբ վստահաբար հանդիսութեան կշիռ պիտի տայ: Նաեւ ուրախալի երեւոյթ է, որ ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մեսրոպեան վարժարանի տուտուկի խումբի ուսուցիչ, տուտուկահար Յակոբ Գելուկեանը: Հանդիսութիւնը կը միտի արժանավայել կերպով յարգել մեծ աշուղին` Սայաթ Նովայի յիշատակը:
Կ. Է.- Ի՞նչ հեռանկարներ եւ ծրագիրներ ունիք:
Գ. Ա.- Մեր նպատակը գեղարուեստական ձեռնարկներ ներկայացնելը չէ, այլ` աշուղական երգի շունչն ու հոգին տարածելը դպրոցին մէջ: Այս առնչութեամբ բեմը ուրախութիւնը կիսելու միջոց է, աշուղական երգերը մեր հարազատներուն եւ շրջապատին լսելի դարձնելու եղանակ: Յառաջիկային պիտի շարունակենք ծանօթանալ այլ աշուղներու եւ անոնց երգերուն, եւ վստահաբար յառաջիկային ալ այլ ձեւերով մեր ուրախութիւնը պիտի բաժնենք…
Կ. Է.- Այլ ըսելիք ունի՞ք ընթերցողներուն:
Գ. Ա.- Ես պիտի ուզեմ, որ մեր մօտ տիրող այս մթնոլորտը ամէնուրեք վարակիչ դառնայ: Խումբին միանալու համար երբեք պայման չէ լաւ ձայն ունենալը կամ նուագող ըլլալը: Երբ ծնող մը կը ցանկայ իր ժառանգը նուիրել իր զաւակներուն, չի մտածեր, թէ իր զաւակներէն ո՛ր մէկը աւելի խելացի է ու կարող` այդ ժառանգը պահելու: Նոյն պարագան ալ այստեղ է. կարեւորը աշուղական ժառանգութիւնը փոխանցելն է, եւ այդ ժառանգի պահպանման մէջ գեղեցիկ ձայն եւ երգելու ունակութիւն ունեցողներու պարտականութիւնն է երգել ու տարածել… Վերջապէս, մենք կը կատարենք մեր առաքելութիւնը, ա՛յն յոյսով, որ այս աշակերտները` մեր ապագան, վաղը կը դառնան մեր արժէքներու պահպանման մէկական առաջնորդները:
Հարցազրոյցը վարեց`
ԿԱՍԻԱ ԷՃԻՏԵԱՆ

