Ակնարկ. Ինչո՞ւ Միայն Հայկական Երեք Վարժարան
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ը եկաւ ի մի խմբելու լիբանանեան 29 վարժարաններու 152 երկսեռ աշակերտները, որոնք Ուահտէ Ռիատիէի համալիրին մէջ (Պիր Հասան) իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի 2012-ի դպրոցական ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ կրթութեան նախարար Հասան Տիապի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:
Այս ախոյեանութիւնը թէեւ այժմ աւարտած է, սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել անոր մասին` նկատի առնելով կարգ մը հիմնական կէտեր:
Նախ եւ առաջ պէտք է նկատի առնել այն կարեւոր կէտը, որ հայկական կարգ մը վարժարաններու (եթէ ոչ` բոլորին) սկզբնական շրջանին պաշտօնական հրաւէրներ չէին ղրկուած:
Բնականաբար, այդ մէկը դիտումնաւոր եղած չէր: Սակայն առանց անունները նշելու, կարգ մը անձեր ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին ապահովեցին հայկական վարժարաններուն ե-նամակին հասցէները:
Հրաւէրը ղրկուեցաւ եւ հայկական կարգ մը վարժարաններ անոր ընդառաջելով մասնակցեցան ախոյեանութեան:
Ինչո՞ւ ընդառաջողները եղան միայն Ճեմարան, Մեսրոպեան եւ Կերթմենեան վարժարանները, երբ անդին կան ուրիշ վարժարաններ ալ:
Դպրոցական այս ախոյեանութեան մասնակցելու համար իւրաքանչիւր վարժարան պարտաւոր չէր 20 երկսեռ աշակերտներով մասնակցիլ: Այդ թիւը ճշդուած էր ֆետերասիոնին կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ աշակերտներու երեւակայական թիւ մը չունենալ:
Տասը վարժարաններ մասնակցեցան միայն մէկ աշակերտով, իսկ գտնուեցան 10 ուրիշներ, որոնք մասնակցեցան երկու-երեք աշակերտով:
Ինչո՞ւ նոյնը չըրին, հայկական այլ վարժարաններ ալ. մանաւանդ նկատի ունենալով այն կարեւոր կէտը, որ անոնք ունին բաւական հմուտ աշակերտներ, որոնք կրնան լաւ արդիւնք ձեռք ձգել:
152 մասնակցողներու մէջ միայն 27 հայերու ներկայութիւնը այդքան ալ «լաւ» ներկայութիւն մը չէր այդ օրը:
Պարզ օրինակ մը տալու համար, հիւսիսային Լիբանանէն վարժարան մը` Ուաթանիէ Օրթոտոքսիէ, Պէյրութ ժամանած էր 15 աշակերտով:
Յամենայն դէպս, Ճեմարան, որ զօրաւոր կազմով մը մասնակցեցաւ այս ախոյեանութեան, փրկեց կացութիւնը եւ վստահելով իր սեփական ուժին, խլեց առաջնութիւնը եւ ինքզինք պարտադրեց տեղական այլ վարժարաններու վրայ:
Ասոր համար նախ եւ առաջ շնորհաւորանքի խօսքը կ՛երթայ աշակերտներուն եւ վարժարանին:
Ապա յաջորդաբար անոնց ծնողներուն, անոնցմով զբաղող պատասխանատուներուն եւ մարզիչներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին, ուր անոնք կը մարզուին եւ կը ստանան անհրաժեշտ բոլոր ցուցմունքներն ու ուղղութիւնները` առաւելագոյն կէտը խլելու համար իրենց մրցակիցներէն:
Ճեմարանի կողքին անշուշտ շնորհաւորական խօսքը կ՛երթայ նաեւ Մեսրոպեան եւ Կերթմենեան վարժարաններուն, որոնք արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ:
Փափաքելի պիտի ըլլայ որ յառաջիկային հայկական վարժարանները այդ մէկը չզլանան իրենց աշակերտներուն, նոյնիսկ եթէ միայն մէկ աշակերտով մասնակցին անոր, կամ` այլ մրցաշարքերու:
Հոս միջանկեալ նշենք, որ եթէ յառաջիկայ տարի ընթացքը նոյն ձեւով շարունակուի եւ յաւելեալ հոգ չտարուի այս մարզին մէջ հայ աշակերտներ լաւապէս պատրաստելու աշխատանքին, տեղական այլ վարժարաններ կրնան տիրանալ տիտղոսին, որովհետեւ եթէ Ճեմարան 16 աշակերտով ապահովեց 21 կէտ, անդին երկրորդ դիրքը գրաւած Սանապել 7 աշակերտով ապահովեց 18,5 կէտ:
Եթէ ներկայի հաշուոյն ուրախ ենք, անդին ապագայի գծով պէտք է ըլլանք ուշադիր:

