Պարաքեթ Ընթրիքի Երեկոյով Մը Պատուեց Քեսրուանեան Ակումբները
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ ընթրիքի երեկոյով մը պատուեց Քեսրուանեան ակումբները` «Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ (Մաալմըլթէյն):
Անոր այս հրաւէրին ընդառաջեցին 23 ակումբներու ներկայացուցիչները:
Պարաքեթ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ` մօտիկ ըլլալու ակումբներուն, փորձելով անոնց պահանջները իրագործել եւ աշխատիլ ի սպաս Լիբանանի պասքեթպոլի վերելքին:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Պշարրէի եւ Պեքաայի ակումբները պատուած էին Պարաքեթը:
CATEGORIES Մարզական


