Ճատրակ. Քարլօ Դարբինեան, Նանօր Առնելեան Եւ Հրակ Լախեան Կը Մասնակցին Աշխարհի Ախոյեանութեան
Երէկ` չորեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Մարիպոր (Սլովաքիա) մեկնեցաւ Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 8-19 նոյեմբերին:
Մարիպոր մեկնած Լիբանանի ճատրակ խաղացողներէն 7-էն երեքը հայեր են: Նանօր Առնելեան (Մեսրոպեան) իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Հրակ Լախեան (Ճեմարան)` նոյն դասակարգի տղոց մրցումներուն, եւ վերջապէս Քարլօ Դարբինեան (Ճեմարան)` 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:
Յաջողութիւն` մեր երեք հայ ախոյեաններուն:
CATEGORIES Մարզական


