Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով Ճատրակի Մրցաշարք` Մար Ռուքոզ Ռիատի – Քըլէյաթ Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Մար Ռուքոզ Ռիատի – Քըլէյաթ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կիրակի, 11 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով:
Տեղի պիտի ունենան երեք դասակարգի մրցումներ, իւրաքանչիւրը` վեց հանգրուան:
Իւրաքանչիւր մասնակցողի կ՛արտօնուի իր տարիքէն աւելի բարձր դասակարգի մրցումներուն մասնակցիլ, սակայն հակառակը` ոչ:
Մրցաշարքին մասնակցութիւնը ձրի է: Տիտղոսակիրները պիտի ստանան բաժակներ, իսկ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները` մետալներ:
Պիտի տրամադրուին նաեւ յատուկ փոխադրակառքեր, իսկ այս մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան կազմակերպիչ ակումբին:
Մրցաշարքը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Կ՛ակնկալուի, որ անիկա աւարտի ժամը 18:00-ին:
Արձանագրութեան համար պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 09-957737 եւ 03-395110:
Վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 19:00:

