Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Պէյրութ – Պիպլոս մրցումէն (PROFOTO)

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուած երկու ճակատումներուն, Ռիատի Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Մանարայի մէջ 91-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պիպլոսը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-14, 48-31, 72-52 եւ 91-73:

Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Պիպլոս 84-81 արդիւնքով յաղթած էր Մութթահետ Թրիփոլիի:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Հուփս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 77-70 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անիպալ Զահլէն: Վերջինս իր կատարած առաջին մրցումին եւս պարտուած էր Ամշիթէն` 108-91 արդիւնքով:

Այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Անդրանիկ Պէյրութ իր դաշտին վրայ կը կատարէ իր երկրորդ յաջորդական մրցումը` հիւրընկալելով Պըժժէն: Անդրանիկ պարտութեամբ սկսած էր նոր տարեշրջանը, մինչ Պըժժէ` յաղթանակով:

Share this Article
CATEGORIES