Ժոմպլաթ – Պըրնզ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան խոչընդոտումը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ժոմպլաթ Պըրնզին յայտնեց, որ ինք անշեղ պիտի մնայ իր կեցուածքէն եւ կառչած պիտի մնայ ներկայ կառավարութեան, որովհետեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն են:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ներկայ կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկել կարելի է, սակայն պայմանաւ որ երկխօսութիւն կատարուի եւ նախքան կառավարութեան հրաժարիլը կարելի ըլլայ նոր կազմի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ իսկական երկխօսութեամբ է միայն, որ կարելի կ՛ըլլայ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը յայտնեց, որ Ժոմպլաթ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յղած է նամակ մը, որուն մէջ շեշտած է, թէ Ազգային պայքարի ճակատի նախարարները կառավարութենէն յետս պիտի չկոչէ եւ կառավարութեան իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի չենթարկէ:

