Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ընդգծեց Ազգային Միասնականութեան Կառչած Մնալու Անհրաժեշտութիւնը

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ խորհուրդը քննարկած է երկրին իրադարձութիւնները եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ լիբանանցի ղեկավարները կառչած մնան ազգային միասնականութեան ու պետական հաստատութիւններուն եւ երբեք դէպի անորոշութիւն չառաջնորդեն Լիբանանը:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին «Առաքելական յորդոր»-ը գործադրելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց քաղաքական սպանութիւնները, որոնցմէ էր վերջերս հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը` կոչ ուղղելով պետութեան պայթումէն տուժած ընտանիքներուն հատուցումները արագ կատարելու:

Խորհուրդը շեշտեց նաեւ Պաապտայի յայտարարութենէն անշեղ մնալու կարեւորութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ 27 նոյեմբերին խորհուրդը պիտի մասնակցի Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Ռայի պատրիարքին կարտինալ ձեռնադրութեան:

Նշենք, որ խորհուրդի նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Ռոպեր Սարան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող հարցեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES