Ռապիէի Մէջ Զօր. Աուն Ընդունեց Ուատիհ Խազենն Ու Ֆըրզլին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը:

Խազեն բարձր գնահատեց կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ դիմակայելու երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Իր կարգին, զօր. Աուն շեշտեց, որ այս հանգրուանին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւէրը` Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով գնահատանքի արժանի է: Ան դիտել տուաւ, որ առանց լուրջ մտածումի կառավարութեան հրաժարականը պահանջող կողմերը չարաչար կը սխալին:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ շեշտեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Ֆըրզլի ընդգծեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը անհրաժեշտ է, սակայն նոր կառավարութիւն մը կազմելը այս հանգրուանին անկարելի է:

 

Share this Article
CATEGORIES