Վարչապետ Միքաթի. «Կը Մաղթենք, Որ Ամերիկեան Վարչակազմը Շարունակէ Զօրակցիլ Լիբանանի Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան»

Միքաթի` Տը Միսթուրայի հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման` անոր վերընտրութեան առիթով:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին ամերիկացիները վերահաստատեցին ժողովրդավարական սկզբունքներուն իրենց կառչածութիւնը:

Միքաթի մաղթեց, որ ամերիկեան վարչակազմը յաջորդ քառամեակին շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ պահպանէ երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները եւ շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ իր կարգին այցելեց վարչապետին:

Վարչապետարան այցելեց նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆան տը Միսթուրա, որ Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Տը Միսթուրա հաստատեց, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու անկախութիւնը` աւելցնելով, որ այս իմաստով եւրոպական երկիրները պիտի զօրակցին լիբանանցիներուն:

Share this Article
CATEGORIES