Պըրրի Յանձնարարեց Արագացնել Քարիւղի Պեղման Խորհուրդի Կազմութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն յանձնարարեց արագացնել Քարիւղի պեղման խորհուրդի կազմութիւնը` նկատի ունենալով, որ երկիրը տնտեսական իր կացութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու խիստ կարիք ունի:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնել եւ լիբանանցիներուն կարիքներուն հասնիլ:
Նշենք, որ Պըրրի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման շնորհաւորեց անոր վերընտրութեան առիթով: Ան մաղթեց, որ Օպամայի յառաջիկայ նախագահական նստաշրջանը ըլլայ առիթ մը, որ Միջին Արեւելքի մէջ միջազգային բանաձեւերը գործադրուին եւ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատուի, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան պետութիւն մը ունենալու իմաստով պաղեստինցի ժողովուրդին երազները իրականանան եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատուի:
Պըրրի յոյս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր ժողովրդավարութեան ամրապնդումին:

