Նախագահ Սլէյման, Վարչապետ Միքաթի Եւ Մանսուր Ընդունեցին Ամրոն

Նախագահ Սլէյման եւ Մոհամետ Քամել Ամրօ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ առաւօտեան այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Ամրօ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ողջոյնները եւ շեշտեց, որ Գահիրէ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Ամրօ բարձր գնահատեց նախագահ Սլէյմանի ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման դրուատեց Եգիպտոսի կայունութիւնը եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մուրսիի:

Ամրօ այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Ամրօ հանդիպումը նկատեց դրական: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները եւ շեշտուեցաւ այդ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը այցելեց նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի:

ՄԻՒՍ կողմէ, նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վերընտրութիւնը` մաղթելով, որ արաբական-ամերիկեան յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ բարելաւուին: Նախագահ Սլէյման իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Միացեալ Նահանգներուն եւ ամերիկացիներուն` մաղթելով, որ յառաջիկայ հանգրուանին Ուաշինկթըն օժանդակէ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:

 

Share this Article
CATEGORIES