Կառավարութիւնը Կազմեց Քարիւղի Մարզի Տնօրինման Խորհուրդը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը կազմեց Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդը, որուն աշխատանքի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ վեց տարի:
Այս խորհուրդը պիտի նախաձեռնէ քարիւղի պեղման եւ այդ իմաստով նուազուրդի կազմակերպման աշխատանքներուն:
Նախքան նիստը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Տեղեկատուութեան նախագահ Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին շեշտած է, որ ինք պիտի շարունակէ քաղաքական իր հաղորդակցութիւնները` Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստ մը կայացնելու առումով:
Նախագահ Սլէյման դրուատած է լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է պահպանելու Լիբանանի ապահովութիւնը, երկիրը դէպի Սուրիա զէնքի փոխադրութեան անցքի չվերածելու եւ սուրիացի գաղթականներուն գտնուած շրջանները ապահովական գօտիներու վերածելու միտումներուն վերջ տալու:
Նախագահ Սլէյման հաստատած է, որ ինք ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ պիտի շարունակէ քննարկել 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը ապահովելու ճիգերը:
Տաուք յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորական իր խօսքերը փոխանցած մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայիին` կարտինալ ընտրուելուն առիթով եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, անոր վերընտրութեան առիթով:
Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի իր կարգին կառավարութեան ներկայացուցած է Պուլկարիա եւ Հունգարիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւններուն արդիւնքները:
Տաուք յայտնեց, որ Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդին անդամներն են Ուալիտ Նասըր, Նասեր Հըթէյթ, Ուիսամ Շպաթ, Կապի Տաապուլ, Ուիսամ Զահապի եւ Ասեմ Ապու Իպրահիմ: Խորհուրդին նախագահութիւնը փոխն ի փոխ պիտի ստանձնեն խորհուրդին վեց անդամները` տարեկան դրութեամբ եւ մականուններու այբբենական կարգով:
Ան աւելցուց, որ խորհուրդին ներկայ նախագահն է Իսամ Ապու Իպրահիմ:
Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը լսեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի բացատրութիւնը` պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն տրուելիք եւ կառավարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարանին փոխանցելու մասին: Ան առաջարկեց այդ յաւելումները հինգ տարուան մասնավճարի դրութեամբ կատարել:
Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը պիտի քննարկէ յառաջիկայ 21 նոյեմբերին:
ՆՇԵՆՔ, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր գործադուլ պիտի կատարէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին` առ ի բողոք կառավարութեան կողմէ աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան չփոխանցելու քայլին:
Իր կարգին, կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շեշտեց, որ այսօր սովորական դասաւանդումի օր է:


