Դիտարկումը Անցաւ Առանց Միջադէպերու

Հայաստանի Տաւուշի մարզի Այգեպար եւ Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանի Ալիպէյլի գիւղերու մերձակայքին մէջ սահմանային դիտարկումը երէկ անցաւ առանց միջադէպերու:

Հայկական եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման հերթական դիտարկումը իրականացուեցաւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի իրաւագիրի շրջագիծին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES