Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` նախագահի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով:

Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,

Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով:

Ձեր տպաւորիչ յաղթանակը ապացուցեց, որ այն ուղին, որ դուք որդեգրած էք Միացեալ Նահանգները առաջ տանելու համար, ինչպէս նաեւ ձեր վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, համահունչ են ամերիկացի ժողովուրդի մեծամասնութեան սպասելիքներուն:

Մենք շնորհակալ ենք այն աջակցութեան համար, որ Միացեալ Նահանգները շարունակաբար կը ցուցաբերեն Հայաստանին: Զիս մեծապէս կը գոհացնէ այն փաստը, որ ձեր վերընտրուիլը թոյլ պիտի տայ շարունակելու աշխուժօրէն զարգացնել եւ խորացնել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները, որոնք մեր երկկողմ պատմութեան ամբողջ ընթացքին այս պահուն կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Համոզուած եմ, որ մեր բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը նոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին` ի շահ մեր ժողովուրդներուն:

Մէկ անգամ եւս ընդունեցէք խնդրեմ, պարոն նախագահ, իմ ջերմ շնորհաւորանքներս եւ լաւագոյն մաղթանքներս»:

Share this Article
CATEGORIES