50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1962)
Հայկազեան Քոլեճի Դասախօսութիւնները
Սեւ Ու Ճերմակ Հայաստանը
Հայկազեան քոլեճի հայկական ակումբը` օգտուելով հաստատութեան անկողմնակալ դիրքէն, ոչ գաղափարական եւ ոչ ալ դաւանական խտրութիւններ դնելու իր կեցուածքէն, որոշած էր դասախօսելու հրաւիրել քոլեճի մանկավարժական ամպիոնի դասախօս Գաբրիէլ Ինճէճիքեանը` «Սեւ ու ճերմակ Հայաստանը իրականութեան լոյսին տակ»:
Գ. Ինճէճիքեան վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ 16 օր մնացած հոն` քննական ու ընկերաբանական ակնոցով ուսումնասիրած ու տեսած էր մեր երկրին ու ժողովուրդին իրական վիճակը:
Շաբաթ, 3 նոյեմբերի գիշերը Հայկազեան քոլեճի սրահը շատ նեղ կու գար հետաքրքրուած բազմութեան, որ եկած էր լսելու ականատես փրոֆեսէօրի վկայութիւնները Հայաստանի իրական կացութեան մասին: Շատեր տեղի չգոյութեան պատճառով հարկադրուեցան երկու ժամ ամբողջ ոտքի մնալ` հետեւելու համար այնքան հետաքրքրական դասախօսութեան եւ գունաւոր լուսապատկերին:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը գործադրութենէն ետք, հայկական ակումբի մշակութայինի պատասխանատու Գէորգ Աբէլեան հակիրճ խօսքերով ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ բեմ հրաւիրեց զայն:
Գ. Ինճէճիքեան իր դասախօսութիւնը բաժնեց չորս գլուխներու` քաղաքական, կրթական, տնտեսական եւ կրօնական:
Ա.- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ: Խօսելով Հայաստանի ներկայ քաղաքական կեանքի մասին` դասախօսը ըսաւ, թէ տասը տարի առաջուան հետ բաղդատելով ժողովուրդին ազատութիւնը կրկնապատկուած, քառապատկուած է: Ներկայիս Հայաստանի ժողովուրդը սկսած է քիչ մը ազատ շունչ քաշել եւ կ՛ապրի «ազգային վերածնունդ»-ի շրջան մը: Մեր հին արժէքները, ըսաւ ան, Սասունցի Դաւիթ, Ս. Մեսրոպ եւ այլ ազգային դէմքեր սկսած են ազատ մուտք գործել Երեւան: Լեզուն կը մաքրագործուի օտար բառերէն: Այսպէս, րէվօլիցիան տեղի կու տայ յեղափոխութեան, իսկ րէբուպլիքան` հանրապետութեան:
Գնահատելով խօսեցաւ պետութեան ունեցած նախանձախնդրութեան հրատարակչական գործին մասին եւ ըսաւ, թէ մեծաքանակ հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնեն գիրքեր: Բայց, ըսաւ ան, 40 հազար տպաքանակով հրատարակուած այդ գիրքերէն շատերը չորս հոգի իսկ ընթերցող չեն ունենար եւ կը մնան փոշիներու տակ զանազան հաստատութեանց գրադարաններուն մէջ:
Բ.- ԿՐԹԱԿԱՆ: Ուսումը Հայաստանի մէջ մեծ թափով կը յառաջդիմէ, վարժարաններու ընդարձակ ցանց մը` արդիական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած, տարածուած է երկրին մէջ: Հայաստանի մէկ չորրորդը կը կազմէ ուսանողութիւնը: Հակառակ այս իրողութեան, ըսաւ Ինճէճիքեան, ժողովրդային դաստիարակութիւնը տեղքայլի մէջ է եւ խուլիգանները քիչ մը ամէն տեղ սանձարձակ կը գործեն: Գողութիւնն ու կաշառակերութիւնը սովորական բաներ դարձած են. դատական մեքենան խարխուլ է, որովհետեւ կաշառակերութիւնը կը սկսի դատաւորներէն, որովհետեւ անոնք իրենց ստացած 120 ռուբլի ամսաթոշակով չեն կրնար ապրիլ այն ճոխ կեանքը, որ կը վայելեն դատաւորները: Առնուազն 1000 ռուբլի ամսական պէտք է ստանայ մէկը` ապրելու համար համեստ կեանք մը:
Եթէ, ըսաւ դասախօսը, որեւէ յանցանքի համար մէկը 2-3 տարի բանտարկութեան դատապարտուի, գոհ կ՛ըլլայ, որովհետեւ 2-3 տարին չնչին պատիժ մը կը նկատեն:
Գ.- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ: Այս մարզին մէջ սոսկալի հակապատկեր մը կը տեսնուի երկրին եւ ժողովուրդին միջեւ: Երկիրը հարուստ է, արտադրող եւ ինքնաբաւ. ժողովուրդը սակայն բառին իսկական առումով աղքատ եւ կարօտ:
Յարգելի դասախօսը իր ըսածները հաստատեց թուական տուեալներով: Օրինակ, ըսաւ, գործաւորի մը միջին ամսականն է 60 ռուբլի, իսկ մէկ զոյգ կօշիկը կ՛արժէ 30 ռուբլի: Նոյն համեմատութիւնը նաեւ այլ հագուստեղէններու եւ այլ գնումներու պարագային: Եթէ ժողովուրդը ապօրէն միջոցներու չդիմէ, անկարելի է, որ կարենայ ապրիլ Հայաստանի մէջ:
Դ.- ԿՐՕՆԱԿԱՆ: Համայնավարութիւնը իր բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ` պայքարելու համար կրօնքի դէմ, ըլլայ մամուլով, ըլլայ ձայնասփիւռով եւ ըլլայ հեռատեսիլով: Կրօնքը ծաղրի առարկայ կը դառնայ այդ միջոցներով: Կ՛ուզեն մէկ անգամ ընդմիշտ բնաջինջ ընել կրօնքը: Ամբողջ Երեւանի մէջ, ուր աւելի քան կէս միլիոն հայութիւն կը հաշուուի, կան միայն երեք եկեղեցիներ, որոնց յաճախողները ներգաղթողներ եւ տարեցներ են:
Բանախօսութեան երկրորդ մասը կը կազմէր գունաւոր շարժապատկերի ցուցադրութիւն մը, ինչպէս նաեւ գունաւոր պատկերներ Հայաստանի զանազան տեսարաններէն:
Գեղեցիկ էին Երեւանի փառակերտ շէնքերը, սակայն սրտաճմլիկ էր տեսարանը մեր քարանթինայի թիթեղաշէն խրճիթներէն ալ աւելի աննպաստ պայմաններով, սքանչելի շինութեանց կողքին տեղ գրաւած խրճիթները, ապագային քանդուելու հեռանկարով…
Սեւ ու ճերմակ Հայաստան…
ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ
Պէյրութ, 6/11/62

