Արուեստի Աշխարհէն. Պեթհովենի «Կորսուած» Մէկ Շարականը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՊԵԹՀՈՎԵՆ «ՓԱՆՃԷ ԼԻՆԿՈՒԱ» ՇԱՐԱԿԱՆԻՆ ԻՐ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ ԴԱՇՆԱՒՈՐԱԾ ԷՐ 1820-ԻՆ. ԱՆԻԿԱ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ՄՂԷ ՆՈՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՒ ԵՐԱԺԻՇՏԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ:

Պեթհովենի ցարդ անծանօթ մէկ դաշնաւորումը հնադարեան շարականի մը ի յայտ կու գայ 192 տարի ետք:

Երաժիշտը յօրինած է Գրիգորեան երգեցողութեան յատուկ Փանճէ լինկուա շարականին մէկ տարբերակը եւ բարեփոխած է անոր մեղեդին, ինչպէս կը բացատրէ Մանչեսթըրի համալսարանի դասախօս Պերի Քուփըր:

Պեթհովեն զայն գրած է սեւագրութեան տետրակի մը մէջ, սակայն անիկա նախապէս կը նկատուէր փորձ-վարժութիւն մը կամ այլ կտորի մը ուրուագիծը:

Քուփըր ճանչցած է շարականին մեղեդին եւ երկու վայրկեան տեւողութեամբ գործը բնորոշած է իբրեւ Պեթհովենի ցարդ անծանօթ մէկ ստեղծագործութիւնը:

Պեթհովենի գլխաւոր մասնագէտներէն` Քուփըր կ՛ըսէ, թէ շարականը անոր կրօնական երաժշտութեան հազուագիւտ օրինակներէն է:

«Շատ զարմացայ, երբ յայտնաբերեցի զայն: Երբեք չէի երեւակայեր, թէ նման բան մը յօրինած էր», կ՛ըսէ ան:

Սեւագրութեան տետրակը, որ կը պահուի Պերլինի պետական գրադարանին մէջ, գործածուած է 1820-ի շուրջ: Անիկա վերարտադրուած է եւ հրատարակուած` 2010-ին:

Քուփըր կը բացատրէ, թէ Պեթհովենի մասնագէտներ նախապէս չեն ճանչցած գործը, որովհետեւ անիկա «պարզապէս կը նմանէր շարք մը խազերու»:

«Երբ դիտեցի զայն, մտածեցի, թէ պարզապէս խազերու շարք մը չէր, այլ շարականի մը մեղեդին Պեթհովենի կնիքով», կ՛ըսէ ան:

«Կը թուի, թէ միաձայն երգեցողութեան մասնագէտներ չեն պեղած Պեթհովենի սեւագրութեան տետրակները, իսկ Պեթհովենի մասնագէտներ այնքան ալ չեն հետաքրքրուած միաձայն երգեցողութեամբ: Զուգադիպութիւն է, որ ես ծանօթ եմ երկուքին», կ՛աւելցնէ ան:

Պեթհովեն որոշ փոփոխութեան ենթարկած է աւելի քան 1000 տարուան Գրիգորեան շարականին մեղեդին:

Քուփըր կը նուագէ զայն եւ կը բացատրէ անոր կարեւորութիւնը:

Հաւանաբար անիկա նուագուած է հանդիսութեան մը առիթով, որուն ընթացքին Պեթհովենի հովանաւորը` Աւստրիոյ Ռուտոլֆ արքդուքսը Օլմուցի արքեպիսկոպոս օծուած է 1820-ին, երբ երաժիշտը 49 տարեկան էր:

Պերլինի մէջ մասնագէտներ կ՛ենթադրէին, թէ խազերը մաս կը կազմէին Պեթհովենի հռչակաւոր «Միսա Սոլեմնիս» պատարագին սեւագրութեան, զոր ան յօրինած էր գրեթէ նոյն ժամանակներուն:

«Պեթհովեն երբեք չէ յօրինած գործնական որեւէ նպատակի ծառայող երաժշտութիւն. անոր եկեղեցական միակ գործերը երկու հզօր պատարագներն են,- կը բացատրէ Քուփըր:- Հետեւաբար արտասովոր է տեսնել, թէ ան եկեղեցական սովորական արարողութեան մը համար յօրինած է գործնական որոշ նպատակի ծառայող պարզ երաժշտութիւն մը»:

Պեթհովենի սեւագրութիւնները հրատարակած մասնագէտը` Սաութեմփթընի համալսարանէն Ուլիըմ Տրապքին յայտնաբերուած դաշնաւորումը կը նկարագրէ իբրեւ «շատ հիմնական կտոր մը»:

«Երբ կը պատրաստէի սեւագրութիւններուն արտագրութիւնը, մտածեցի, թէ այս խազերը պարզապէս հակադրութիւն մը ստեղծելու փորձեր էին: Չէի գիտեր, թէ ո՛ւր պէտք էր տեղադրէի զանոնք», կ՛ըսէ ան:

«Վստահաբար գործ մըն է, որուն երբեք չենք հանդիպած: Անիկա կը նպաստէ գիտնալու, թէ Պեթհովեն ի՛նչ գործի վրայ էր 1820-ական տարիներուն»:

Շարականը վերջերս կատարուած է Մանչեսթըրի համալսարանին մէջ:

Քուփըր դասական երաժշտութեան աշխարհին մէջ տարակարծութիւններ ստեղծած էր 14 տարի առաջ, երբ ստեղծած էր Պեթհովենի 10-րդ համանուագը` հիմնուած երաժիշտին կիսաւարտ սեւագրութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES