Արուեստի Աշխարհէն. Բարի Տարեդարձ…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Միայն չո՞րս տարի…

ՍԻՍԹԻՆԵԱՆ ՄԱՏՐԱՆ ԱՌԱՍՏԱՂԸ 500 ՏԱՐԵԿԱՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԱՅՍ ԱՄԻՍ: ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՈՅԻ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՏՔՆԱՋԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ՈՐՄԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻ ՓԱՌՔՈՎ ՀՄԱՅԵԼ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՆԱԵՒ ԵՐԿՍԱՅՐԻ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸՆ ԵՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԱՄԱՐ, ՈՐ ԱՅԺՄ ՍՏԻՊՈՒԱԾ Է ՈՐՈՇԵԼ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ՊԷ՞ՏՔ Է ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿԷ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԿԱՐԵՆԱՅ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ ՄԸ` Ի ԳԻՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԿՈՐՈՒՍՏԻ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԵՒ «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՇՈՒՆՉՈՎ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ:

Առաջին անգամ ըլլալով Վատիկան կ՛ակնարկէ, թէ Սիսթինեան մատրան որմանկարներուն ամբողջացումէն 500 տարի ետք հաւանաբար պիտի ստիպուի ի վերջոյ վերատեսութեան ենթարկել տուեալ պահու մը մատրան մէջ իր ընդունած այցելուներուն թիւը:

Միքելանճելոյի հռչակաւոր որմանկարները կը դասուին աշխարհի ամէնէն հոյակապ տեսարժան երեւոյթներուն շարքին:

Իրերայաջորդ տեսարաններու մէջ կը պատկերուին Հին Կտակարանի ամէնէն հզօր պատմութիւնները:

Իսկ այս հսկայական աշխատանքին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ արեւմտեան արուեստին բնորոշ եւ ամէնէն աւելի ծանօթ պատկերներէն մէկը. Աստուծոյ կերպարը, որ ձեռքը կ՛երկարէ` կեանքի կոչելու համար Ադամը:

Սակայն, ոմանց կարծիքով, մատուռը դարձած է զոհը իր հռչակին եւ փառահեղ շքեղութեան: Այլ խօսքով` անիկա կը ներգրաւէ չափէն աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ:

Ամէն օր մատուռին դռնէն ներս կը խուժեն շուրջ 14 հազար այցելուներ, այսինքն` տարին աւելի քան 5 միլիոն այցելու:

Իտալացի գրաքննադատ Փիեթրօ Չիթաթի վերջերս բուռն կերպով դատապարտեց Վատիկանի իշխանութիւնները, որոնք կ՛արտօնեն նման հսկայական թիւով այցելուներու մուտքը մատուռ:

«Քորիերէ տելա Սերա» թերթին մէջ յօդուած մը ստորագրելով` Չիթաթի այնքա՛ն յառաջ գացած է, որ նոյնիսկ միջին հաշուով այցելուներու ներկայութեամբ ստեղծուած վիճակ մը կը նկարագրէ իբրեւ «աներեւակայելի աղէտ մը»:

«Տիեզերական այս իրարանցումին մէջ ոչ մէկը որեւէ բան կը տեսնէ», կը գրէ ան:

«Պի. Պի. Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը առիթով ան կը վերահաստատէ իր քննադատութիւնը:

«Սիսթինեան մատուռը լեցուն էր սեղմուած եւ թխմուած մարդոց հսկայական բազմութեամբ մը … Բոլորը կը ներշնչէին եւ կ՛արտաշնչէին: Կը գերիշխէր մարդոց խիտ գոյութիւնը, մարդկային քրտինքը: Սարսափելի էր»:

Չիթանի կ՛ըսէ, թէ անվերջ բարձրացող «մարդկային շունչի այս պատը» կրնայ փճացնել առաստաղի անգին որմանկարները:

Նման քննադատութիւններու պատասխանելով` Վատիկանի թանգարաններու տնօրէն Անթոնիօ Փաուլուչի կ՛ընդունի, թէ գոյութիւն ունի «լուրջ հարց մը»:

Ան կ՛ըսէ, թէ կաթոլիկ եկեղեցիին ամբողջ հաւատամքը պատկերուած է Սիսթինեան մատրան որմանկարներուն մէջ, եւ թէ` ինք պիտի փափաքէր, որ իւրաքանչիւր այցելու կարենար ընկալել խորհրդանիշներու վրայ հիմնուած այս համակարգը:

Սակայն Փաուլուչի կ՛ընդունի, թէ այս մէկը դժուար է, երբ մատուռը խճողուած է:

«Անիկա կը դառնայ աղմկալից վայր մը եւ մարդիկ կ՛անճրկին, կը դժուարանայ որմանկարները հասկնալը,- կ՛ըսէ ան:- Մեծ թիւով մարդոց ներկայութիւնը կ՛անհանգստացնէ… անիկա նաեւ կը ստեղծէ որմանկարները պահպանելու հարցեր»:

Փաուլուչիի համաձայն, շուտով պիտի ներկայացուին մատուռին օդափոխիչ դրութիւնը բարելաւելու եւ զայն խոնաւութեան դէմ պաշտպանելու ծրագիրներ:

Սակայն ան նաեւ կը նշէ, թէ ի վերջոյ թերեւս պէտք է հակակշիռի տակ պահել այցելուներուն թիւը:

«Թերեւս կրնանք հասնիլ հոն, ուր ի հարկին արտօնենք սահմանափակ թիւով այցելուներու մուտքը», կ՛ըսէ Փաուլուչի:

«Սակայն ցարդ փորձած ենք խուսափիլ այս միջոցառումէն, որովհետեւ անոնց համար, որոնք Վատիկան կ՛այցելեն, Սիսթինեան մատուռը ոչ միայն արուեստի վայր մըն է, այլ նաեւ` ոգեղէն եւ կրօնական վայր մը»:

«Կենդանի Մահ Մը»

Սիսթինեան մատուռը նաեւ պապական ժողովարանն է, ուր կարտինալներու համաժողովը կ՛ընտրէ նոր պապ մը:

Գոյութիւն ունի այն վիճարկութիւնը, թէ Հռոմ այցելող ոեւէ ուխտաւոր պէտք է դիւրութեամբ կարենայ այցելել այս մատուռը, որ նման նշանակալից տեղ ունի կաթոլիկ աշխարհին մէջ:

Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ Փաուլուչի օրաթերթի մը մէջ կը գրէր, թէ «աներեւակայելի» է սահմանափակել Սիսթինեան մատրան հասողութիւնը, որովհետեւ ասիկա համազօր է Լուրտի հռչակաւոր ուխտավայրին հասողութիւնը սահմանափակելու:

Սակայն քննադատ Չիթաթի կը ներկայացնէ աւելի մռայլ դիտանկիւն մը եւ կը վիճի, թէ ամբողջը դրամի հարց է:

Եկեղեցին բաւական մեծ գումարներ կ՛ապահովէ մատուռին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի թանգարաններուն հրաշալիքները տեսնել փափաքող այցելուներէն:

Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ երկար շարքերու մէջ կարգի սպասող այցելուներէն իւրաքանչիւրը կը վճարէ աւելի քան 15 եւրօ` իւրաքանչիւր տոմսի համար:

Սակայն  կարելի է խուսափիլ այս զանգուածներէն, եթէ մէկը կարողութիւնը ունի շուրջ 220 եւրօ վճարելու` անձնական շրջապտոյտի մը համար: Այս շրջապտոյտները կազմակերպուած են այնպիսի ձեւով, որ տուեալ պահու մը միայն 10 հոգիի մուտքը կ՛արտօնուի մատուռ` այցելութեան սովորական ժամերէն դուրս:

Չիթաթի առաջին անձը չէ, որ խնդիր կը յարուցէ մատուռ այցելողներուն թիւին վերաբերեալ:

Այս տարի իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ արուեստի քննադատ Ռոպըրթ Հիւկզ յիշած էր Կէօթէի մէկ գրութիւնը, որուն մէջ գերմանացի գրագէտը կը նկարագրէր 200 տարի առաջ մատուռ իր այցելութիւնը:

Այդ ժամանակներուն «Սիսթինեան մատուռը վայր մըն էր, ուր կարելի էր առանձին գտնուիլ, կամ գրեթէ առանձին` հանճարի մը ստեղծագործութիւններուն հետ», կը գրէր Հիւկզ:

«Այսօր այս գաղափարը անհեթեթ կը թուի. ցնորք մը: Կէօթէի ժամանակակիցներուն ապրած խորհրդածական վայելքը այսօր զանգուածային զբօսաշրջութեան պատճառով վերածուած է ռիւկպիի խաղի մը մէջ սողալով յառաջանալու ստորնացումը յիշեցնող տառապանքին»:

Հիւկզ կը նշէր, թէ գեղանկարչութիւնը լուռ արուեստ մըն է, որ արժանի է զայն դիտող անձերուն լռութեան:

Իսկ մատրան մէջ դժուար է անտեսել ամէն տեղ ծաւալող խօսակցութիւնները:

«Կրնա՞ս երեւակայել, որ մէկը ասիկա գծած է… վրձինո՛վ», կը բացագանչէ ամերիկացի զբօսաշրջիկ մը` խօսքը ուղղելով իր ընկերակիցներուն:

Ապա անոնք կը սկսին բարձրաձայն մտածել, թէ արդեօք Միքելանճելօ ի՞նչ վարձատրութիւն ստացած էր իր գործին համար: Շուտով անոնք կը սկսին բարձրաձայն ծիծաղիլ ու զուարճանալ, այնքա՛ն, որ մատրան ապահովութեան հսկող պահակներէն մէկը զայրացած կը յառաջանայ, ծուռ նայուածք մը կ՛ուղղէ եւ անշշուկ մնալու յորդորներ կ՛ուղղէ:

Նման փոխանակում մը կը նսեմացնէ ոգեղէն այն բուռն ապրումները, զորս Միքելանճելօ փափաքած էր ստեղծել այս վայրին մէջ:

Ռոպըրթ Հիւկզ կը գրէր, թէ Սիսթինեան մատրան մէջ արդի ժամանակներու մթնոլորտը կ՛արտացոլէր «բարձր մակարդակի արուեստին կենդանի մահը»` զանգուածային մշակոյթի ձեռքով:

Թերեւս ի վերջոյ այցելուներուն թիւը սահմանափակելու հաւանականութեան մասին խօսելով` Վատիկան եւս կը զգայ նոյնը:

Վերածնունդի Գագաթնակէտի Աւիշը

Սիսթինեան մատրան տարեդարձը:

Իւրաքանչիւր որմանկար կը գերազանցէր միւսը, երբ 500 տարի առաջ բացումը կը կատարուէր Սիսթինեան մատրան պատկերազարդ առաստաղին: Որմանկարները կը խտացնէին Վերածնունդի գագաթնակէտի գեղարուեստական աւիշը, կը ծառայէին իբրեւ ոգեղէնութեան ապրող պատկեր մը, տեսողական պատմութիւն մը, որուն մէջ մարմիններ շարժումի մէջ էին: Մատուռը նաեւ սկիզբ դրած էր հսկայական թիւով զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու գեղարուեստական աւանդութեան. մարդիկ իրենց վիզը կ՛երկարէին, քրտինք կը թափէին եւ զիրար կը հրմշտկէին` լաւ դիրքէ մը դիտելու համար հանճարի մը գործը:

Յուլիոս Բ. պապը Միքելանճելոյին պատուիրած էր ստեղծել Վատիկանի ամէնէն թանկագին պատկերները: Մատուռին այլ մասերը պատկերազարդելու համար Ռաֆայէլի, Պոթիչելլիի եւ Կիրլանտայոյի նման անուանի արուեստագէտներ հրաւիրելէ ետք, պապը մեծ յոյսեր կապած էր առաստաղին: Ան կը ձգտէր զայն օժտել բարդ եւ բազմաշերտ իմաստներով, որոնցմէ ոմանք տակաւին նոր է, որ կը բացայայտուին: Թէեւ Միքելանճելօ ամէն բանէ առաջ քանդակագործ էր, սակայն Սիսթինեան մատրան առաստաղին պատկերազարդումը դարձաւ անոր առասպելական իրագործումը. տղամարդու կերպարին անոր գերազանց պատկերումը կարծէք առանց որեւէ ճիգի անոր մարմարէ քանդակներէն կը տեղափոխուէր պաստառ:

Թէեւ սկիզբը Միքելանճելոյի առաջարկուած էր 12 առաքեալները պատկերելու ծրագիր մը, սակայն ան պատկերած էր աւելի քան 300 կերպարներ` չորս տարի շարունակ ստեղծելով ցայտուն, զգացումով հարուստ տեսարաններ, որոնք իրենց ոճով կը հեռանային կրօնական աւանդական արուեստի ոճէն: Սրբազան արարիչը կը ստանար մարդկային յատկանիշ մը, մարդկային կերպարը կը ստանար երկնային գեղեցկութիւն մը: Այս բոլորը ներհուն կերպով առկայ էին Միքելանճելոյի գեղարուեստական հպումին մէջ: Կ՛ըսուի, թէ արուեստագէտը իբրեւ ներշնչման աղբիւր դիմած էր Ս. Գիրքին եւ կարդացած էր Հին Կտակարանը` ստեղծելու համար իր սեփական տեսլականները, եւ այնուհետեւ ապաւինած էր Վերածնունդի արուեստի աւանդութիւններուն:

Միքելանճելօ կ՛աշխատէր մատուռին պատերուն միացած փայտէ տախտակամածներու վրայ կանգնած: Ասիկա պատճառ կը դառնար, որ ան աշխատէր անհանգիստ դիրքով, եւ կարելի է երեւակայել, թէ վիզի ինչպիսի՛ ցաւերէ կը տառապէր ան: Բազմատաղանդ արուեստագէտը նոյնիսկ հնչեակ մը գրած է աշխատելու իր անյարմար դիրքին մասին.

«Մօրուքս ուղղուած է երկինք, վիզս ծռած է եւ խրած է ողնայարիս մէջ: Կողոսկրս տաւիղի նման կը բարձրանայ: Դէմքիս վրայ ասեղնագործութիւն մը կը հիւսուի վրձինէն ինկած թանձր եւ բարակ կաթիլներով: Մէջքս լծակի մը պէս կը ճնշէ փորիս վրայ: Յետոյքս թամբի պէս կը կրէ ծանրութիւնս: Ոտքերս ուղղութենէ զուրկ` կը դեգերին ետ ու առաջ…»:

Այսուհանդերձ, Միքելանճելոյի ամբողջ յոգնութիւնը եւ մարմնին անյարմար ծուռ դիրքերը տուած են իրենց արդիւնքը. 343 կերպարներ, որոնք կը պատկերեն Գիրք Ծննդոցէն 9 տեսարաններ: Անոնց մէջ կը միաձուլուին կրօնական աստուածաբանութիւնն ու մարդկայնապաշտութեան ոգին, որ կը յատկանշէր Վերածնունդի գագաթնակէտը: Անոր ստեղծած կենսունակ տեսարանները կը պարունակեն այնպիսի պատկերներ, որոնք կը շարունակեն ուռճանալ եւ հրահրել դիտողին տեսողական երեւակայութիւնը` իրենց ստեղծումէն 500 տարի ետք, եւ ամէնէն աւելի` «Ադամի արարչագործութեան» տեսարաններով:

Հռչակաւոր Առաստաղը

Միքելանճելօ 4 տարի աշխատած է Սիսթինեան մատրան առաստաղի որմանկարները ամբողջացնելու համար:

Յուլիոս Բ. պապին պատուէրով Միքելանճելօ 1508-ին կը սկսի պատկերազարդել Սիսթինեան մատրան առաստաղը, որուն բացումը կը կատարուի 1 նոյեմբեր 1512-ին:

Միքելանճելօ սկիզբը դժկամութեամբ ընդունած է պատուէրը, որովհետեւ ինքզինք կը նկատէր քանդակագործ մը, եւ ոչ` գեղանկարիչ:

Թէեւ Սիսթինեան մատրան առաստաղին պատկերազարդումը Միքելանճելոյի առաջին գեղանկարչական աշխատանքն էր, որուն ձեռնարկած էր, սակայն վերջինը չէր:

Առաստաղին կեդրոնական խոռոչը կը պատկերէ Գիրք Ծննդոցէն 9 տեսարաններ. 3 տեսարան` արարչագործութենէն, 3 տեսարան` Ադամի եւ Եւայի սայթաքումէն եւ 3 տեսարան` Նոյի պատմութենէն:

Սիսթինեան մատուռը կը կրէ անունը Սիքսթուս Դ. պապին, որ Յուլիոս Բ. պապին հօրեղբայրն էր:

Հետագային Միքելանճելօ ըսած է. «Տառապալից չորս տարիներ ետք եւ բնական չափի աւելի քան 400 կերպարներ գծելէ ետք, ինքզինքս նոյնքան ծերացած եւ սպառած զգացի, որքան` Երեմիան: Միայն 37 տարեկան էի, սակայն բարեկամներս չճանչցան այն ծերունին, որուն վերածուած էի»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES