Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, կարեւոր նկատելով հայեցի դաստիարակութեան ազգային ու մշակութային ինքնութեան կենսական ըլլալու գրաւականը, եւ  որպէսզի դպրոցական տարեշրջանը սլանայ հայադրոշմ երթուղիով, Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը իր արժանավայել տարողութեամբ նշեց:

Երեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի սրահին մէջ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագրով Թարգմանչաց տօնը իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ` ներկայութեամբ  աշակերտներու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան:

Յայտագրին սկիզբը նախակրթարանի երրորդ դասարանի աշակերտները երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանին քայլերգները: Բացման խօսքէն ետք խումբ առ խումբ  աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ իրենց քաղցրալեզու երգերով ու արտասանութիւններով մայրենին փառաբանեցին:

Յատկանշական էր ութերորդ  եւ իններորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներու ներկայացումը, որոնք հոյլ մը լուսահոգի բանաստեղծներու տիպարները մարմնաւորելով,  առաջնորդութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցի տիպարին, հայ լեզուի ջատագովականը եւ գովերգութիւնը կատարեցին` Վահան Թէքէեանի, Սիամանթոյի, Ս. Կապուտիկեանի, Մ. Իշխանի եւ այլ մտքի տիտաններու գեղեցկագոյն ներբողները արտասանելով: Ապա Մեսրոպ Մաշտոցի տիպարը, յորդորելով ներկաները, պատգամեց սիրել մայրենին, պահել ազգային ինքնութիւնը եւ յատկապէս հաւատարիմ մնալ հայ կրթօճախին, յատկապէս իննսունամեայ հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին, «որ Մեծ եղեռնէն միայն եօթը տարիներ ետք արդէն իսկ իր դռները լայն բացած եւ պատրաստ էր ընդունելու իւրաքանչիւր հայ մանուկ, որ կը բախէր իր դռները»:

Միջնակարգի աշակերտուհիները, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը մարմնաւորող զգեստով բռնեցին գեղեցիկ հայկական շուրջպար մը, որ ծափերու տակ երկրորդ անգամ մը եւս ներկայացուեցաւ:

Դասական եւ ժողովրդային երաժշտական գործիքներու մեկնաբանութեամբ, աշակերտներ ներկաներուն եւս հրամցուցին գեղեցիկ երաժշտական կտորներ:

Հանդիսութեան աւարտին Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ` դրուատելով հանդէսը պատրաստող հայերէնի ուսուցիչներն ու պատասխանատուները, յատկապէս աշակերտները, որոնք անթերի եւ բացառիկ ապրումով ու բծախնդրօրէն յաջողած էին արժեւորել Թարգմանչացը: Տնօրէնուհին  երախտապարտ գնահատականով մը անդրադարձաւ նաեւ ծնողներուն, որոնք ընդառաջելով ձեռնարկին հրաւէրին` քաջալեր կանգնած, ներկայ էին հանդիսութեան ու վստահելով Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի իննսունամեայ պատմականին, առայսօր իրենց զաւակները կը վստահին հայ քոյրերու անձնուէր դաստիարակութեան:

Հուսկ, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի,  աշակերտները երգեցին ու խանդավառեցին մթնոլորտը, մեսրոպաբոյր հնչեղ երգը թնդացնելով:

Share this Article
CATEGORIES