Մտածումներ
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
380 թուականին (Ք.Ա.) համաշխարհային մեծ յոյն փիլիսոփայ Պղատոն կը գրէ իր ամէնէն ընդարձակ գործերէն «Լա ռեփիւպլիքը» (հանրապետութիւն)` առանց գիտնալու հաւանաբար, որ սոյն գործը պիտի դառնար քաղաքական գիտութեանց մէկ հիմնական աղբիւրը: Աւելի քան 2000 տարի ետք դաշնակցական գործիչ եւ մտաւորական Հրաչ Տասնապետեան կը հրատարակէ իր «Ով է դաշնակցականը», ուր ան մանրամասնօրէն կը բացատրէ դաշնակցական մարդուն տիպարը: Սակայն այս փոքր ներածականով ընթերցողը կու գայ հարց տալու, թէ ինչո՞ւ այս մտաւորականները եւ ինչո՞ւ անոնց գործերը: Աւելի՛ն. ի՞նչ է կապը այս երկու գրա-քաղաքական գործերուն, որոնք իրարմէ աւելի քան 20 դար «հեռու» են:
Այս յօդուածով պիտի փորձեմ կարճ, սակայն յստակ եւ կարելի եղածին չափ հասկնալի պատասխան մը տալ վերոյիշեալ հարցադրումներուն:
Պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ այն, թէ Տասնապետեանի «Ով է դաշնակցականը» ընդհանուր բանաձեւում մըն է դաշնակցական գործելաձեւին եւ մտածելակերպին, որոնք լայն տեղ կը գրաւեն նաեւ այլ մտաւորականներու գործերուն մէջ, ինչպէս` Նիկոլ Աղբալեան, Միքայէլ Վարանդեան, Արշակ Ջամալեան եւ շատ ուրիշներ, որոնց միտքերը Տասնապետեան կը մէջբերէ իր այս գիրքին մէջ: Հետեւաբար, երբ կը գրեմ «Տասնապետեան կը հաւատայ», «Տասնապետեան կ՛ըսէ»… ատիկա չի նշանակեր, որ անպայման Տասնապետեանին յատուկ միտքերն են, զորս կը վերլուծենք: Շատ մը տեղեր ուղղակի իր տողերը չեն, այլ ինք միայն մէջբերումներ կատարած է եւ, ինչպէս ըսինք, բանաձեւում մը կատարած է ամբողջ դաշնակցական մտածելաոճի կամ գործելաոճի մը հաւաքածոյէ:
Ամէնէն պարզ եւ առաջին համեմատութիւնը, զոր կարելի է առաջին հայեացքով նկատել, այն է, որ այս երկու գործերը իրենց բնութագրութեամբ կը ներկայանան իբրեւ քաղաքագիտական գործեր, որոնք կը խօսին որոշ մարդոց տիպարին եւ շինուածքին մասին երկու տարբեր ժամանակներու եւ միջավայրերու մէջ: Առաջինը յստակ է, թէ կը քննէ իտէալ պետականութեան մը ստեղծումը, իսկ Տասնապետեանինը` կուսակցութեան մը` ՀՅԴ-ի լիիրաւ եւ տիպար անդամի մը կառուցուածքը, որ ինքնին լայն ներդրում ունի դաշնակցական կազմակերպութեան եւ իտէալ պետականութեան մը ստեղծումին մէջ: Սակայն այս նմանութիւնը բաւարար չէ: Մենք պիտի վերլուծենք եւ անդրադառնանք Տասնապետեանի խօսքերուն եւ մտածումներուն, որոնք պիտի փորձենք նմանցնել կամ կարելի եղածին չափ համակերպել պղատոնեան միտումներու հետ, որոնք կը գտնուին այս վերջինին վերեւ նշուած գործին մէջ: Առաջին հերթին հարկ է քանի մը նշումներ եւ բացատրութիւններ կատարել: Պղատոնեան «իտէալ պետութիւնը կամ պետականութիւնը» այս յօդուածին մէջ պիտի համապատասխանէ ընդհանուր կուսակցութեան` Դաշնակցութեան, տրուած ըլլալով, որ երկու մտաւորականներուն համար կազմակերպութեան առողջ կառոյցը հիմնական նպատակն է: Երկրորդ, նմանութիւնները ճիշդ հասկնալու համար պէտք է ի մտի ունենանք, որ Տասնապետեանի «տիպար դաշնակցական ընկերը» մեր հետազօտութեան մէջ պիտի համընկնի կամ համապատասխանէ Պղատոնի «տիպար կամ իտէալ քաղաքացիին»: Այլ կէտ մը, ճիշդ է, որ բոլոր անոնք, որոնք ծանօթ են այս երկու գրական գործերուն, պիտի տեսնեն, թէ կան հակասութիւններ եւ լայն տարբերութիւններ, ինչպէս` միջավայրի, ձեւի, դրուածքի… սակայն աւելի ուշ պիտի անդրադառնանք այս տարբերութիւններէն կարեւորագոյններուն, որովհետեւ այս յօդուածին մէջ շեշտը պիտի դրուի նմանութիւններուն վրայ:
«Ով է դաշնակցականը» գործէն մէջբերումներով կը սկսինք մեր քննարկումը: Առաջին հերթին պիտի քննենք ամէնէն պարզ կէտերը: Տասնապետեան կ’ըսէ` «Անհատը իր ազատ ընտրութեամբ կ’որոշէ մաս կազմել որեւէ կազմակերպութեան եւ պարտաւոր է ծանօթանալու անոր կառոյցը պայմանաւորող կանոնագրին եւ կազմակերպական կանոններուն» (էջ 22): Հոս յստակ է նմանութիւնը, որ գրեթէ նոյն կէտն է Պղատոնի գործին մէջ: Ճանչցուած օրէնք է, որ մարդ արարածը իր ազատ կամքով կամ որոշումով կ’անդամակցի որեւէ ընկերութեան, կազմակերպութեան կամ նոյնիսկ պետութեան: Հետեւաբար, գալով Պղատոնին, ան եւս կը պարզաբանէ, թէ առաջին քայլը` դառնալու պետութեան քաղաքացի, ազատ կամքն է եւ պատրաստակամութիւնը` ընդունելու եւ յարգելու տուեալ պետութեան բոլոր օրէնքներն ու կանոնները (ի տարբերութիւն այս վերջինէն` Տասնապետեան իր մտածումները կը հիմնաւորէ փոքր կշիռի վրայ, մինչդեռ յոյն փիլիսոփան նկատի կ’առնէ մեծ կշիռը): Ինչպէս Պղատոնի համար միշտ հիմնախնդիր եղած է «սիթէին» (La cite) կամ պետականութեան կառոյցին վրայ, նոյնպէս Տասնապետեան իր «Ով է դաշնակցականը» գիրքով շեշտը կը դնէ նոյն խնդիրին վրայ, սակայն ոչ թէ «սիթէին», այլ դաշնակցական տիպարին կառոյցին կամ ինչպիսի ըլլալուն վրայ, որմէ կախեալ է կուսակցութեան ամբողջ կազմակերպումը, գործունէութիւնը եւ նոյնիսկ գոյութիւնը, ինչպէս որ Պղատոնի համար «սիթէին» կամ պետականութեան գոյութիւնը կամ գործունէութիւնը կախեալ է քաղաքացիին տիպար կառոյցէն:
Տասնապետեան իր այս միտքը կ’արտայայտէ հետեւեալ տողերով. «Կանոններու կիրարկման մէջ որեւէ թերացում ուշ կամ կանուխ պիտի վնասէ այն ամբողջութեան, որ կազմակերպութիւնն է»: Յիշեալ տողերէն ի յայտ կու գայ այլ հասարակաց կէտ մը երկուքին մէջ, որն է` կարգապահութիւնը կամ իւրաքանչիւրին սահմանուած լիակատար պաշտօնը: Պղատոն իր իտէալ ընկերութիւնը կը բաժնէ երեք գլխաւոր մասերու, առաջին` կայ աշխատող դասակարգը, որուն գործն է պետութեան նիւթական ապահովութիւնը, ապա կու գայ մարտական կամ զինուորական («պահակներու») դասակարգը, որուն գործն է պետականութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը, իսկ վերջապէս երրորդ եւ բարձրագոյն դասակարգը Պղատոնի համար «փիլիսոփայ ղեկավարներու» խումբը կամ դասակարգն է, որուն պաշտօնն է պետականութեան բարոյական ապահովութիւնը, եւ որուն միայն կը վերապահուի որոշումի եւ ղեկավարելու իրաւունքը: Հակառակ անոր որ ՀՅԴ-ն իբրեւ ընկերվար կազմակերպութիւն` չունի նմանօրինակ ցածի եւ բարձրի, կարեւորի եւ անկարեւորի հասկացողութիւնը, սակայն կայ հիմնական մասնիկ մը, որ կրնանք նոյնացնել երկու գործերուն եւ «պետականութիւններուն» միջեւ, այդ ալ խումբերու դրութիւնն է:
Տասնապետեան կը գրէ «Խումբը կենդանի բջիջն է կենդանի կազմակերպութեան… Դաշնակցական կոչուելու համար հարկ չկայ, որ մէկը դաշնակցական մարմինի անդամ ըլլայ (ղեկավար), մինչդեռ անկարելի է իսկական դաշնակցական նկատել մէկը, որ խումբի անդամ չէ» (էջ 29): Ճիշդ է, որ այն միջավայրը, որուն մէջ Պղատոն գրած է, բոլորովին տարբեր է 19-րդ կամ 20-րդ դարու միջավայրէն, սակայն հիմնականը խումբի դրութեան կարեւորութեան հասկացողութիւնն է. ինչպէս որ Տասնապետեանին համար խումբի անդամ չեղողը չի կրնար դաշնակցական ըլլալ, նոյնն է պարագան Պղատոնի համար, որ կ’ըսէ, թէ միայն իր երեք խաւերուն կամ խումբերուն պատկանողն է, որ կրնայ իսկական քաղաքացի ըլլալ:
Իր գործին 29-րդ էջին մէջ Տասնապետեան կ’ըսէ` «Խմբական եւ ոչ անհատական ապակեդրոնացում»: Անկախ անկէ, որ հոս նորէն կը շեշտուի խումբին կարեւորութիւնը, պիտի քննարկենք այս արտայայտութեան հետ առնչուող պղատոնեան կարեւորագոյն հիմունքներէն մէկը, զոր կրնանք արտայայտել հետեւեալ բառերով` «Իւրաքանչիւրը իր գործին»: Հիմնական է այս միտքը ըմբռնել հասկնալու համար նմանութիւնը եւ կապը կարգապահութեան եւ յաջողութեան, որոնք ներկայ են թէ՛ Պղատոնի եւ թէ՛ Տասնապետեանի տողերուն մէջ: Սկսելով առաջինէն, ինչպէս ըսինք, Պղատոն իր ընկերութիւնը կը բաժնէ երեք բաժիններու` ճիշդ վերոյիշեալ նպատակներուն համար: Ան կը հաւատայ, որ պետականութեան յաջողութիւնը կը կայանայ այն կազմակերպուածութեան մէջ, ուր ամէն ոք լաւապէս կը ճանչնայ իրեն վստահուած գործը, պաշտօնը, իրաւունքը եւ պարտականութիւնը: Անհատը, ինչպէս Տասնապետեան կ’ըսէ, չի կրնար ապակեդրոնացեալ ըլլալ, այլ որոշ անհատներու միութիւնը, որ կը կազմէ պղատոնեան երեք խումբերէն մէկը, կ’ըլլայ ապակեդրոնացեալ, այդ ալ` քաջ գիտակցելով իր դերակատարութիւնը որոշ գործի մը մէջ: Տասնապետեան նոյն այս բառերով կ’արտայայտէ այս միտքը էջ 20-ի մէջ, ուր կը գրէ. «Կարգապահութիւնը, որ ըստ սահմանումի կը կայանայ կառոյցին համ հաւաքականութեան բաղկացուցիչ տարրերէն իւրաքանչիւրին իր դերը, իրեն սահմանուած պաշտօնը լրիւ եւ անշեղ կերպով կատարելուն մէջ յօգուտ ամբողջութեան առողջ եւ յաջող գործունէութեան»: Ուրեմն ակնյայտ է, որ մտաւորականներուն ամբողջական հաւատքը գործի բաժանումին եւ իւրաքանչիւրին լրիւ դերակատարութեան: Տասնապետեանին եւ, ինչո՛ւ չէ, Պղատոնին համար (հակառակ անոր որ այս վերջինս վերոյիշեալ կարգապահութիւնը կը կոչէ «արդարութիւն», սակայն իմաստը կը մնայ նոյնը) կարգապահութիւնը էական յատկանիշ մըն է, որուն` «նոյնիսկ մասնակի խախտումը կառոյցը կը թուլացնէ եւ կը տկարացնէ» (էջ 19-20): Պղատոն կը բացատրէ, որ երբ իւրաքանչիւր խումբ վճռակամութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կ’աշխատի, իւրաքանչիւր անհատ կատարելով միայն իր պարտականութիւնը` իտէալ պետականութեան մը գոյութիւնը չի բացառուիր:
Հոս սակայն կրնանք քննադատութիւններ լսել այն մասին, թէ այս նմանութեամբ դաշնակցական ընկերվարական սկզբունքները կը խախտենք եւ դասակարգեր կը յառաջացնենք: Ճիշդ հոս է, որ պէտք է հասկնանք տարբերութիւնը, որուն անդրադարձայ ներածականին մէջ եւ զգուշ պէտք է ըլլանք անկէ: Հոս նմանութիւնը կը կայանայ միայն ու միայն գործերու բաժանումի եւ խումբերու գործունէութեան վրայ եւ ոչ` ցած ու բարձր խումբի սկզբունքին վրայ, ինչպէս Պղատոն կը հաւատայ: Թէկուզ բնական է, որ կուսակցութեան մէջ կան որոշ գործերու համար որոշ ատակ մարդիկ, սա չի նշանակեր սակայն, թէ իւրաքանչիւր անդամ չի կրնար իր կարծիքը կամ տեսակէտը յայտնել, եւ ասոր փաստը ՀՅԴ ժողովներն են, որոնց Տասնապետեան կ’անդրադառնայ: Հասկնալ գործերու բաժանումը հիմնական նպատակն է այս նմանութեան (խումբերը ինչի հիման վրայ բաժնուած կ’ըլլան կամ պէտք է բաժնուած ըլլան, դուրս կ’իյնայ մեր նիւթէն): Հակառակ տարբեր գործերու եւ տարբեր խումբերու` կենդանի գործն է, որ ներդաշնակ եւ համերաշխ կերպով պիտի նպաստէ պետականութեան եւ կուսակցութեան յաջողութեան: Խմբական ապակեդրոնացումը այս ձեւով է, որ պէտք է հասկնանք: Սիթէին կամ կազմակերպութեան կեանքը կը խանգարուի, երբ այս խումբերը իրենց չվերաբերող գործերու միջամուխ ըլլան կամ փոխան հանրութեան` գործեն իրենց անձնական շահերուն համար: Ներդաշնակ գործունէութինը արդէն ինքնանպաստ աշխատանք է:
Այս յօդուածով չենք ուզեր ըսել, թէ Տասնապետեան Պղատոնէն ներշնչուելով կամ ազդուելով է, որ գրած է «Ով է դաշնակցականը», այլ մեր կարողացած սահմաններուն մէջ փորձեցինք ակադեմական ներկայացում կամ մօտեցում մը կատարել այս երկու մտաւորականներուն գործերուն շուրջ` քննարկելով որոշ նմանութիւններ եւ միաժամանակ տարբերութիւններ: Նպատակը ՀՅԴ-ի կամ Պղատոնի գովասանք չէ, այլ` մտածել տալ երիտասարդութեան, թէ ինչպէս կարելի է օգտուիլ օտար քաղաքական, փիլիսոփայական, ընկերաբանական, հոգեբանական… աղբիւրներէ զանոնք տեղադրելով հայկական պարունակի մը մէջ` ուսումնասիրելու եւ հասկնալու համար կուսակցութեան իսկական յաջողութեան եւ հզօր պետականութեան մը ստեղծման տարբերակները եւ սկզբունքները, տրուած ըլլալով, որ այս է մեր հիմնական նպատակներէն մէկը:
Օգտագործուած աղբիւրներ
1. «Ով է դաշնակցականը», Հրաչ Տասնապետեան:
2. «Պատմութիւն իմաստասիրութեան», Շահան Ռ. Պէրպէրեան:

