ՖԱԹՀ ԵՒ ՀԱՄԱՍ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳՈՅԱՑՈՒՑԻՆ

Մահմուտ Ապպաս եւ Խալետ Մաշաալ

Եգիպտական գաղտնի սպասարկութիւնը հաղորդեց, որ պաղեստինեան Ֆաթհ եւ Համաս շարժումները երէկ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականի ճշդման շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցած են: Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ընթացքին ամբողջական համաձայնութիւն գոյացած է: Աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային կայանին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի Եգիպտոսի մէջ: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ համաձայնութիւնը անկախ անհատներէ բաղկացած փոխանցման կառավարութեան կազմութիւնը կը նախատեսէ: Համասէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ կապուելով հաստատեց լուրը:

Պաղեստինեան երկու շարժումներուն պատուիրակութիւնները երէկ Գահիրէ մեկնած էին` միջպաղեստինեան հաշտութեան շուրջ եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ քննարկումներ կատարելու:

Share this Article
CATEGORIES