ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՄԱՆՈՒԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ. ՉՈՐՍ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՊԱՐԳԵՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ԿՈՂՔԻՆ

1.Զաքար Քէշիշեան- 2.Ռիթա Բարմաքսըզեան- 3.Մակի Խաչերեան – 4.Սիլվա Թնկըրեան Տըայպես

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, պետական, միութենական թէ կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ մանուկներու հարցերով զբաղողներու հոծ բազմութեան, բազմաթիւ լիբանանցի մշակներ պարգեւատրուեցան երէկ` չորեքշաբթի, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Լիբանանցի մանուկի ազգային խորհուրդին, երէկ պարգեւատրուեցան 60 լիբանանցի երախտաւորներ, որոնց կարգին չորս հայորդիներ` Մակի Խաչերեան, Ռիթա Բարմաքսըզեան, Զաքար Քէշիշեան եւ Սիլվա Թնկըրեան-Տըայպես:

Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ծանօթ գրագէտ եւ նշեալ խորհուրդի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման ողջունեց ներկաները` վեր առնելով պարգեւատրեալներու արժանիքներն ու մանուկներուն նկատմամբ անոնց սէրը: Խօսք առին նաեւ Սալուա Ղատտար-Եունես եւ արուեստագէտ Ժիհատ Աթրաշ:

Այս առիթով «Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով` լիբանանցի մանուկի Ազգային խորհուրդի փոխնախագահ Մակի Խաչերեան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին` նշելով, որ ինք երկար ատենէ ի վեր կը զբաղի մանուկներու կրթութեան հարցով եւ ԼՕԽ-ի խողովակով անդամակցած է յիշեալ խորհուրդին: Այս խորհուրդին մէջ իր տասնամեայ գործունէութեան անդրադառնալով` Խաչերեան յայտնեց, որ համակարգումի ճիգերով յաճախ հայ մանուկներ եւս մասնակից կը դառնան ձեռնարկներուն, ինչպէս` վերջերս կայացած Համազգայինի երգի ձեռնարկը: Խաչերեան դիտել տուաւ նաեւ, որ լիբանանեաններուն կողքին հայկական միութիւններ եւս կը զբաղին հայ մանուկի կացութեամբ, ինչպէս` ԼՕԽ-ը, Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւնը եւ այլն:

Իր կարգին, հոգեբան-մանկավարժ Ռիթա Բարմաքսըզեան խոր դրուատիքով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց` նշելով, որ ինք 1971-էն ի վեր ՔԱՀԼ-ի մասնաւոր դպրոցի տնօրէնի իր հանգամանքով մօտէն կը հետեւի յատուկ պարագաներ ունեցող հայ մանուկներու վիճակին: Այս գծով ան յաճախ մասնագիտական դասախօսութիւններ կու տայ:

Իսկ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան իր շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերու կողքին ընդգծեց, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ տարուելիք` հայ մանուկի վիճակի բարելաւման գծով:

Նմանապէս պարգեւատրեալներուն շարքին էր Լիբանանցի մանուկի ազգային խորհուրդի Հազմիէի մասնաճիւղի նախագահ Սիլվա Թնկըրեան-Տըայպես, որ այս մեծարանքին արժանացած է իր ունեցած հասարակական երկարամեայ գործունէութեան իբր գնահատանք:

 

Share this Article
CATEGORIES