«Մեր Միաբաններուն Համար Համալսարանական Ուսումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Արամ Ա. կաթողիկոսին համար, վարչական փորձառութեան ու նուիրեալ ծառայութեան կողքին միաբան հայրերու համալսարանական ուսումը կենսական է: Այս համոզումէն մեկնած` վեհափառ հայրապետը կը շարունակէ քաջալերել ու լայն կարելիութիւններ ստեղծել երիտասարդ միաբաններուն, որպէսզի անոնք առաւելագոյն չափով տիրանան բարձրագոյն ուսման:
Ինչպէս անցեալին, այս շրջանին եւս շարք մը միաբաններ կը հետեւին համալսարանական ուսման: Այսպէս` Սահակ վրդ. Եմիշեան կը յաճախէ Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան համալսարանը (Յունաստան), Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան Օնթարիոյի Մեք Մասթըր համալսարանը (Քանատա), Հրանդ աբղյ. Թահանեան Վենքուվըրի աստուածաբանական համալսարանը (Քանատա), Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան Քասլիքի համալսարանը (Լիբանան): Նաեւ լեզուական յատուկ դասընթացքներու կը հետեւին հետեւեալ միաբանները` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, Մասիս վրդ. Զօպույեան, Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան եւ Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան` անգլերէն դասընթացքի, Արտակ աբղյ. Արապեան` գերմաներէնի, իսկ Վարդան աբղյ. Թաշճեան` ֆրանսերէնի:
Յայտնենք, որ անցնող տարի, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, անգլերէնի յատուկ դասընթացք մը կազմակերպուած էր երիտասարդ միաբաններուն համար:

