«Սուրիոյ Մէջ Պիտի Ապրիմ Եւ Մահանամ» Կ՛ըսէ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Օտարներու Սուրիա ներխուժման գինը, եթէ այդ մէկը պատահի, ամբողջ աշխարհի կարողութենէն վեր պիտի ըլլայ, որովհետեւ եթէ Սուրիոյ մէջ խնդիրներ կան, մանաւանդ որ մենք շրջանին մէջ աշխարհիկութեան, կայունութեան եւ համակեցութեան վերջին օրրանն ենք, այդ մէկը պիտի ունենայ տոմինոյի ազդեցութիւն մը, որ իր հետեւանքը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհի վրայ` Ատլանտեան ովկիանոսէն մինչեւ Հնդկաց ովկիանոս, եւ ատիկա մնացեալ աշխարհին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Ան բացառեց, որ Արեւմուտքը այդ ուղղութեամբ ընթանայ, «սակայն եթէ այդ մէկը կատարեն, ոչ ոք կրնայ ատկէ ետք պատահելիքը գուշակել»:
Պաշշար Ասատ ակնարկելով Բրիտանիոյ վարչապետին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած` իրեն ապահով ելք մը ապահովելու գաղափարին, ըսաւ, որ «ես խամաճիկ չեմ եւ զիս արեւմուտքը չգոյացուց, որ Արեւմուտք կամ որեւէ այլ երկիր երթամ: Ես սուրիացի եմ, ես Սուրիոյ արտադրութիւն եմ եւ պիտի ապրիմ ու մահանամ Սուրիոյ մէջ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի` հակադարձելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի այն խօսքին, թէ սուրիական վարչակարգի օրերը վերջ գտած են, ըսաւ, որ իրեն զարմանք չի պատճառեր, թէ Արապի կը կրկնէ Սուրիոյ նկատմամբ թշնամական իր յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը յաւակնի փոխել վարչակարգը երկրի մը, որ հիմնադիր երկիրներէն է Արաբական լիկային, իսկ ինք անոր անդամ պետութեանց մօտ պաշտօնեայ է:
Ան ըսաւ, որ Արապի իր յայտարարութիւնը կատարած է Տոհա մեկնելէ առաջ եւ ան Սուրիան թիրախ դարձնող դաւերուն գործընկեր, հովանաւոր եւ գործիք է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոսթի» օրաթերթին եւ «Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ կարծիքով, արաբները պէտք է սուրիական տագնապի լուծման նախաձեռնութիւնը ստանձնեն` նշելով, որ Ռուսիա կը զօրակցի այս առումով Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի առաջարկին:
Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա դէմ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որեւէ որոշումի, որուն մէջ խորհուրդը տագնապին կողմերէն մէկուն զօրակցութիւն կը յայտնէ:
Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Լաւրով յայտարարած է, որ Սուրիոյ պատերազմը մինչեւ վերջ պիտի շարունակուի, որովհետեւ կողմերէն որեւէ մէկը կռիւէն հրաժարելու մտադիր չէ:
«Ասատ պիտի չհեռանայ, ան որեւէ տեղ պիտի չերթայ: Պէտք է ատոր համոզուիլ: Ան կը լսէ, թէ արեւմտեան ղեկավարները զինք ինչպէ՛ս կը բնութագրեն, ինչպէ՛ս կը բնորոշեն դրացի որոշ արաբական երկիրները: Անոնք կարելի ամէն բանով Ասատի կը սպառնան: Սակայն ան ալ, ինչպէս ընդդիմութիւնը, այժմ կը փափաքի մինչեւ յաղթանակ կռուիլ», յայտարարած է Լաւրով:
Ըստ անոր, «Արեւմուտքը ընդդիմութեան կը ստիպէ կռիւը շարունակել», իսկ Ասատ տրամադիր է մինչեւ յաղթանակ կռիւը շարունակելու:
Ան յոյս յայտնած է, որ արտաքին դերակատարները փորձեն միաւորել սուրիական ընդդիմութիւնը: «Այլ ճամբայ, քան կառավարութեան եւ բոլոր ընդդիմադիր խմբակներուն միջեւ երկխօսութիւնը, մենք չենք տեսներ», ընդգծած է ան:
Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութեան խմբակներու մեծամասնութիւնը երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ սկսան իրենց շարքերը միաւորելու նպատակով ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին կը քննարկեն իրենց քաղաքական միացեալ ղեկավարութիւն մը յառաջացնելու Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող նախաձեռնութիւն մը: Ժողովի բացման նիստին ներկայ են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտելլաթիֆ Զայանի:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարած է, թէ ինչ ալ պատահի, Թուրքիան մտադիր չէ Սուրիոյ հետ պատերազմիլ: Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը շարունակուի, ամէն օր տասնեակ կամ հարիւրաւոր մարդիկ կը զոհուին:
«Անատոլու» նաեւ հաղորդեց, որ Անգարայի մէջ Սուրիոյ շուրջ շաբաթ օր նախատեսուած Թուրքիա, Եգիպտոս եւ Իրան եռակողմանի հանդիպումը յետաձգուած է, որովհետեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի փոխանցած է, որ պիտի չկարենայ հանդիպումին մասնակցիլ: Հանդիպումին համար նոր թուական մը չէ ճշդուած:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ սահմանամերձ Ռաս Ուլ Էյն շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ բուռն բախումներուն ընթացքին արձակուած ռումբեր եւ փամփուշտներ հասան թրքական Չիլանփընար գիւղը, ուր 5 վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Աւելի՛ն. վտանգաւոր զարգացումով մը` սուրիական հողամասերէն արձակուած հրասանդի հրթիռներ ինկան Կոլանի Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած բաժինին մէջ: Իսրայէլեան բանակէն բանբեր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «կը թուի, թէ հրթիռները Սուրիոյ մէջ տարբեր ուժերու միջեւ ճակատումներուն ընթացքին սխալմամբ արձակուած են»:
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին վերջին զարգացումներուն, Իրանի հիւլէական թղթածրարին, երկկողմանի յարաբերութեանց եւ բոլոր մարզերուն մէջ անոնց զարգացման վերաբերող հարցեր:


