Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Գործողութիւն Կատարած Է
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ թրքական բանակէն մասնայատուկ ուժեր հինգշաբթի օր հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու թաքստոցներուն դէմ գործողութիւններ կատարած են:
Աղբիւրներ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ մասնայատուկ ուժերու հինգշաբթի օրուան գործողութենէն առաջ թրքական օդուժը երկու օր շարունակ ռմբակոծած է նշեալ թիրախները: Մասնայատուկ ուժերը օդուժի օգնութեամբ էջք կատարած են իրաքեան հողամասեր` թրքական սահմանէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
CATEGORIES Միջազգային

